Նիսի մէջ ահաբեկչական յարձակում Նիսի մէջ ահաբեկչական յարձակում 

Նիսի մէջ ահաբեկչական յարձակում. Ֆրանսացի իրաւապահները ձերբակալած են ահաբեկիչը

Նիսի մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութեան հետաքննութեան ծիրին մէջ Ֆրանսացի իրաւապահները ձերբակալած են նաեւ 47-ամեայ տղամարդ մը:

29 հոկտեմբերին դանակով զինուած տղամարդ մը Նիսի կեդրոնին մէջ յարձակած է Նոթր Տամ եկեղեցւոյ ծխականներուն վրայ: Դէպքին պատճառով զոհուած է երեք հոգի: Յարձակողը ձերբակալուած է: Յարձակումի հետաքննութեան միացած է Ֆրանսայի Ազգային հակաահաբեկչական դատախազութիւնը: Ինչպէս յայտնած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Էրիք Չիոթին, յարձակում գործող ահաբեկիչը ծագումով թունուզցի է:

Նիսի մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութեան հետաքննութեան ծիրին մէջ Ֆրանսացի իրաւապահները ձերբակալած են նաեւ 47-ամեայ տղամարդ մը:

Նիսի յարձակումէն երկու ժամ ետք այլ ահաբեկիչ մը Ավինիոնի փողոցներուն մէջ դանակով սպառնացած է անցորդներուն եւ գնդակահարուած ոստիկանութեան կողմէ, երբ յարձակումի փորձ կը կատարէր:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2020, 07:50