Որոնել

Ոստիկան Ոստիկան 

Ահաբեկչութիւն՝ ֆրանսայի Նիս քաղաքին Մայր Եկեղեցւոյ մէջ. Կան երեք զոհեր։

Դաշոյնով զինուած ահաբեկիչ մը յարձակած է Նիսի «Նոթր Տամ» Եկեղեցւոյ մէջ գտնուող հաւատացեալներուն վրայ ու սպանած է երեք անձ, վիրաւորելով այլ ուրիշներ։

Վատիկան Նիուզ

Հինգշաբթի 29 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ի մօտերը, Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը։ Դաշոյնով զինուած ահաբեկիչ մը «Ալլահ ու աքապր» բացագանչելով  ներխուժած է Նիսի «Նոթր Տամ» եկեղեցի, գլխատելով կին մը, ու մորթելով եկեղեցւոյ աւանդապահը, որոնք մահացան տեղւոյն վրայ, մինչ կոկորդէն դաշունահարուած այլ կին մը կարողացաւ փախուստ տալ ու ապաստանիլ մօտակայ մէկ սրճարանի մէջ, ուր սակայն քիչ ժամանակ ետք մահացաւ ու աչքերը չի փակած կարողացաւ փսփսալ «Զաւակներուս ըսէք թէ զիրենք կը սիրեմ»։

Ունկնդրէ լուրը

Իրաւապահ մարմիններ յաջողած են ձերբակալել յանցագործը։

Նիս քաղաքի քաղաքապետը յայտարարած է թէ արարքը ահաբեկչական յարձակում մը է։

Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահը՝ գերապայծառ Տը Մուլէն Պոֆորը թուիթի մը միջոցաւ արտայայտած է իր ցաւակցութիւնները ու իր յատուկ աղօթքները Նիսի թեմի հաւատացեալներուն ու զոհերուն համար։  Թութին մէջ ան ի մէջ այլոց գրած է «Կիրակի օր, ամենայն սրբոց տօնին օրը, պիտի ունկնդրենք Տիրոջ խօսքերը. Երանի խաղարարներուն որովհետեւ Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին։ Երանի ձեզի որ հալածուած էք ինծի համար՝ որովհետեւ մեծ պիտի ըլլայ ձեր վարձատրութիւնը երկնքի մէջ»։

Ահաբեկչական այս արարքը տեղի ունեցաւ անցեալ 16 հոկտեմբերին Սամուէլ Բաթի անունով ուսուցիչի վայրագ գլխատումէն մի քանի օրեր ետք, երբ տակաւին Ֆրանսան ու աշխարհը կը գտնուին  ցնցուած իրավիճակի մէջ։

Նշենք թէ վերջին մի քանի ժամերու ընթացքին Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ լարուածութիւնը աւելիով աճեցաւ Charlie Hebdo- ի կողմէ Թուրքիայի նախագահ Էրտողանի դէմ նոր ծաղրանկարներու հրապարակումէն եռք և Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւններէն յետոյ:



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2020, 10:15