Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան 101րդ տարեկան համաժողովը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան 101րդ տարեկան համաժողովը 

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան 101րդ տարեկան համաժողովը

Համաժողովին մասնակցեցան առաւել քան 100 պատգամաւորներ՝ աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի եւ ընկերակցութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ աշխարհի զանազան երկիրներէ եւ շրջաններէ։

OVID-19 Թագաժահրի շարունակուող համաճարակին պատճառով, այս տարի Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) իր 101րդ տարեկան համաժողովը գումարեց առցանց՝ Շաբաթ, 24 Հոկտեմբերին։

Համաժողովին մասնակցեցան առաւել քան 100 պատգամաւորներ՝ աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի եւ ընկերակցութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ աշխարհի զանազան երկիրներէ եւ շրջաններէ՝ Արցախ, Հայաստան, Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Աւստրալիա եւ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներ՝ հովիւներ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Համաժողովը սկսաւ Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի գործադիր տնօրէն վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեանի աղօթքով, որուն յաջորդեց լռութեան պահ մը՝ յարգելու յիշատակը հայրենիքին համար նահատակուած մեր հերոսներուն։

Համաժողովին ընթացքին աւետարանչականի գլխաւոր տնօրէնները, ինչպէս նաեւ յանձնախումբերու ատենապետները  եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց տարեկան տեղեկագիրները եւ ներկաներուն հետ կիսեցին իրենց ուրախութիւնները ու մտահոգութիւնները։

Տարեկան համաժողովին աւարտին կարդացուեցան անունները ԱՀԱԸի վարչութեան նորընտիր անդամներուն, որոնք ընտրուած էին երեք տարուան ծառայութեան համար, փոխարինելու իրենց ծառայութեան շրջանը աւարտած անդամները՝ Եդուարդ Աւետիսեան, Սուզան Ադամեան Գովօ,  տոքթ. Նազարէթ Է. Տարագճեան, տոքթ. Գարլ Տօղրամճի, Պերճուհի Կիւլէսէրեան, Ճեք Մընչէրեան, իրաւաբաններ Թովմաս Մոմճեան, Էլըն Փիլիպոսեան եւ Կերի Ֆիլիփս։

Համաժողովի փակման աղօթքը մատուցեց  Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի նախագահ վեր. Յարութիւն Սելիմեան։

«Աւետարանչականը անկոտրում կամքով եւ ամբողջական նուիրուածութեամբ կ’աջակցի Արցախի մեր հայրենակիցներու իրաւունքին՝ իրենց ճակատագիրի ինքնորոշման գործընթացքին մէջ, ջերմօրէն շարունակելով պահպանել Արցախի անկախութիւնը եւ բարեկեցութիւնը», ըսաւ աւետարանչականի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան։

23 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ նաեւ աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի նիստը։

Այս տարի աւետարանչականը չկրցաւ ունենալ իր տարեկան համաժողովի պաշտամունքը, որ, ըստ ծրագրի, տեղի պիտի ունենար Կիրակի, 25 Հոկտեմբերին, Ֆրեզնոյի Հայ Պանդխտաց աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։ Այսուհանդերձ, Պանդխտաց եկեղեցին աւետարանչականին նուիրեց իր Կիրակի օրուան պաշտամունքը, որուն ընթացքին վեր. Թութիկեան կատարեց ընկերակցութեան նորընտիր անդամներուն պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը՝ առցանց։ Պաշտամունքին ընթացքին, եկեղեցւոյ աւագ հովիւը՝ վեր. Ներսէս Պալապանեան, յատուկ աղօթք մատուցեց՝ յիշելով հայրենիքին համար զոհուած մեր հերոսները, ինչպէս նաեւ աւետարանչականի բոլոր անդամները, որոնք անցնող տարեշրջանին այս կեանքէն անցան յաւիտենականութեան։

«Մեր յոյսը դնենք Տէրոջ վրայ եւ շարունակենք այն յոյսով, որ Ան պիտի վերահաստատէ մեր աշխարհը եւ փրկէ մեզ աղէտներէ», ըսաւ աւետարանչականի նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան։

Աւետարանչականին մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ընկերակցութեան  www.amaa.org կայքը։

Քաղուած «Ասպարէզ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2020, 09:16