Ստեփանակերտի մէջ Ստեփանակերտի մէջ 

Արցախի մէջ զոհուած է 19, վիրաւորուած` 80 խաղաղ բնակիչ

19 զոհերուն մէջ են 1 մանկահասակ աղջիկ, 7 կին եւ 11 տղամարդ:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան այսօր յայտնած է, որ Սեպտեմբեր 27-էն Հոկտեմբեր 4 պատերազմական յանցագործութիւններու հետեւանքով Արցախի մէջ զոհուած է 19, վիրաւորուած` 80 քաղաքացիական անձ, վնասուած է մօտ 2700 միաւոր գոյք ու ենթակառուցուածք:

19 զոհերուն մէջ են 1 մանկահասակ աղջիկ, 7 կին եւ 11 տղամարդ:

Մահուան դէպքերը արձանագրուած են Ստեփանակերտ (7 անձ), Մարտունի (6 անձ), Հադրութ (1 անձ) եւ Մարտակերտ (3 անձ) քաղաքներուն մէջ, Մարտակերտի շրջանի Ալաշան բնակավայրին (1 անձ) եւ Մեծ Շէն համայնքին յարակից վայրին մէջ (1 անձ):

 Վիաւորուած են ընդհանուր առմամբ շուրջ 80 մարդ, որոցմէ 60-ը ստացած են լուրջ վնասուածքներ: Անոնցմէ 48-ը արական, իսկ 12-ը` իգական սեռի քաղաքացիներ են:

 Նախնական տուեալներով լրջօրէն վնասուած է աւելի քան 2100 մասնաւոր սեփականութեան անշարժ գոյք (բնակելի տուներ, խանութներ եւ այլն), աւելի քան 240 մեքենայ, շուրջ 350 ենթակառուցուածքային ու արտադրական նշանակութեան կառոյցներ:

 «Ստեփանակերտի ու շարք մը այլ բնակավայրերու մէջ ազրպէյճանական զինուած ուժերը դիտաւորեալ ու կետային կերպով սկսած են թիրախաւորել կենսական նշանակութեան ենթակառուցուածքները, ինչ որ լրջագոյն պատերազմական յանցագործութիւն է` խորացնելով Արցախի մէջ առկայ մարդասիրական ճգնաժամը»,- շեշտած է Բեգլարեան:

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2020, 07:50