ՕԹԱՆի ընդհանուր քարտուղար ՕԹԱՆի ընդհանուր քարտուղար 

Կրակոցը դադրեցնելով բանակցութեան սեղանի շուրջ նստելու կոչ ուղղելով` «Այս տագնապը կը պարունակէ բազմաթիւ վտանգներ, ներառեալ ուժանիւթային» կ՝ըսէ ՕԹԱՆ- ընդհանուր քարտուղարը

Սթոլթենպերկ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէր Անգարա: Ան բանակցութիւններ վարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ:

ՕԹԱՆ մտահոգ է ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ խաղաղ բնակչութեան շրջանակին մէջ զոհերով, կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու կրակոցը եւ բանակցելու: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ:

«Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը մեզ շատ կը մտահոգէ: Մենք կը տեսնենք, որ խաղաղ բնակիչներ կը զոհուին: Այս տագնապը վտանգ կը պարունակէ բոլոր ուղղութիւններով, ներառեալ ուժանիւթային: Ասիկա շատ վտանգաւոր իրավիճակ է ամբողջ շրջանին համար, ընդ որում` դաշինքի անդամներու համար: Մենք տագնապի բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստելու», ըսած է Սթոլթենպերկ` Չաւուշօղլուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Սթոլթենպերկ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէր Անգարա: Ան բանակցութիւններ վարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2020, 07:51