Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ 

ԱՀ ԱԺ-ն աշխարհի խորհրդարաններուն կոչ կ՝ընէ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ-ն կոչ կ՝ընէ աշխարհի երկիրներու խորհրդարաններուն ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը՝ իբրեւ ամենաարդիւնաւէտ միջոցը՝ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացուող ծանր յանցագործութիւնները կասեցնելու եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով»,

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը յայտարարութեամբ կոչ ըրած է աշխարհի երկիրներու խորհրդարաններուն ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը՝ իբրեւ ամենաարդիւնաւէտ միջոցը՝ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացուող ծանր յանցագործութիւնները կասեցնելու եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով: 

«Հաշուի առնելով, որ 2020 թ․ Սեպտեմբեր 27-ին Ազրպէյճանի զինուած ուժերը, կոպտօրէն խախտելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, զինուած յարձակում նախաձեռնած են Արցախի Հանրապետութեան դէմ՝ Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի սահմանի ողջ երկայնքով,

Ընդգծելով Արցախի Հանրապետութեան դէմ զինուած յարձակման մէջ Թուրքիոյ ուղղակի ներգրաւուածութիւնը եւ անոր կողմէն ռազմական գործողութիւններու փաստացի հրամանատարութիւնն ու ղեկավարումը,

Խոր մտահոգութիւն յայտնելով Արցախի Հանրապետութեան դէմ յարձակման մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու զինեալներու ներգրաւման փաստին առնչութեամբ,

Հաշուի առնելով, որ լայնածաւալ ռազմական յարձակումը Արցախի Հանրապետութեան դէմ կը շարունակուի աճող անմիջականութեամբ եւ կ՝ուղեկցուի զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ կիրառելի օրէնքներու եւ սովորոյթներու խախտումներով, ներառեալ՝ քաղաքներու եւ գիւղերու, ինչպէս՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի դէմ ոչ-ընտրողական եւ մեծ կործանարարութիւն ունեցող զինատեսակներու կիրառմամբ, որուն իբրեւ արդիւնք քաղաքացիական բնակչութեան մէջ կան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ,

Ողջունելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու` Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ իրականացուող քայլերը՝ ուղղուած տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան վերականգնման, եւ միեւնոյն ժամանակ, ափսոսանք յայտնելով, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ոչ կառուցողական դիրքորոշման հետեւանքով այդ քայլերը գործնական արդիւքն չեն տուած,

Ընդգծելով, որ Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի հերթական յարձակումը պէտք է դիտուի խաղաղ բնակչութեան դէմ ուղղուած համատարած եւ համակարգուած յարձակումներու ծիրէն ներս, որոնք կը ձեռնարկուին Ազրպէյճանի կողմէ ինչպէս խաղաղ, այնպէս ալ պատերազմական ժամանակ՝ 1988 թ․ սկսած Արցախեան ազգային ազատագրական շարժման սկիզբէն ի վեր,


Ճանչնալով, որ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու հիմնարար իրաւունքներու շարունակական խախտումները եւ իրենց անկապտելի իրաւունքներու իրացման խոչընդոտումը ուրիշ բան չէ, քան մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի՝ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ համատեղ իրականացուող յարձակումը ընդդէմ Արցախի Հանրապետութեան եւ կոչ կ՝ընէ աշխարհի երկիրներու խորհրդարաններուն ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը՝ իբրեւ ամենաարդիւնաւէտ միջոցը՝ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացուող ծանր յանցագործութիւնները կասեցնելու եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2020, 07:54