Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 

«Եթէ խոստացուած յանձնառութիւնները չգործադրուին, միջազգային ընտանիքին պիտի փոխանցեմ, թէ կարելի չէ օժանդակել Լիբանանին»․ Մաքրոն

Մաքրոն նշեց, որ ինք Լիբանան պիտի այցելէ Հոկտեմբեր ամսուան աւարտին, ինչպէս նաեւ Դեկտեմբեր ամսուան առաջին կիսուն:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն սեպտեմբերի մէկի ուշ գիշերին աւարտեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը։

Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100ամեակին առիթով Լիբանան հասած Ֆրանսայի նախագահը երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ: Ներկայ էր նաեւին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ընդարձակ հանդիպումէն ետք Մաքրոն առանձին դռնփակ հանդիպումներ ունեցաւ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի ղեկավարին հետ:

Ապա Մաքրոն տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ 8 շաբթուան ժամանակ ճշդած է` կազմելու Լիբանանի նոր կառավարութիւնը եւ բարեկարգումի աշխատանքը կատարելու:

Մաքրոն նշեց, որ նախագահ Միշել Աուն եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խոստացած են կազմել ատակ եւ մասնագէտ անձնաւորութիւններու կառավարութիւն մը, ինչպէս նաեւ բարեկարգումներ կատարել ելեկտրականութեան եւ դրամատնային մարզերուն մէջ:

«Եթէ խոստացուած յանձնառութիւնները մինչեւ Հոկտեմբերի աւարտը չգործադրուին, միջազգային ընտանիքին պիտի փոխանցեմ, թէ կարելի չէ օժանդակել Լիբանանին, իսկ լիբանանցիներուն պիտի յայտնեմ, որ անոնց ղեկավարներէն ո՛վ իր խոստումը դրժած է», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով «Հըզպալլա»ին՝ ան յայտնեց, որ պէտք է անոր քաղաքական գործունէութիւնը զինեալ թեւէն բաժնել:

Մաքրոն նշեց, որ ինք Լիբանան պիտի այցելէ Հոկտեմբեր ամսուան աւարտին, ինչպէս նաեւ Դեկտեմբեր ամսուան առաջին կիսուն:

Մաքրոն նաեւ այցելեց աշխարհահռչակ երգչուհի Ֆէյրուզին, զոր պարգեւատրեց ֆրանսական պատուոյ բարձրագոյն շքանշանով: Ան նաեւ Ժիպէյլ-Ժեժ շրջանի մայրիներու արգելանոցին մէջ ծառ մը տնկեց` Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100ամեակին առիթով:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Մաքրոն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Մաքրոն նաեւ այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստը, ուր դարձեալ ստուգեց արձանագրուած վնասները: Ան այնտեղ ըսաւ, որ ինք նոր նշանակուած վարչապետը չի ճանչնար` մաղթելով, որ ան ըլլայ ատակ անձնաւորութիւն մը: Անդրադառնալով Լիբանանի կրթական համակարգին՝ Մաքրոն յայտնեց, որ Ֆրանսա եւս 7 միլիոն եուրոյի գումար մը պիտի յատկացնէ դպրոցներու վերակառուցման աշխատանքին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2020, 07:23