2020-ի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրները  Ֆարթուն Ատան եւ Իլուատ Էլման 2020-ի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրները Ֆարթուն Ատան եւ Իլուատ Էլման 

Յայտնի են 2020-ի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրները

Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական ամենամեայ մրցանակը կը շնորհէ Ֆարթուն Ատանին եւ Իլուատ Էլմանին. մայր եւ դուստր Սոմալիի մէջ կը ղեկավարեն «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու կեդրոնը:
Ունկնդրէ լուրը

 «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը հինգերորդ «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական ամենամեայ մրցանակը կը շնորհէ Ֆարթուն Ատանին եւ Իլուատ Էլմանին. մայր եւ դուստր Սոմալիի մէջ կը ղեկավարեն «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու կեդրոնը: Որպէս մրցանակի դափնեկիրներ` անոնց կը շնորհուի 1.000.000 ԱՄՆ տոլար պարգեւ, որ բացառիկ հնարաւորութիւն կու տայ` շարունակելու մարդասիրութեան շղթան եւ աջակցելու իրենց ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւններուն: Ֆարթուն Ատանը եւ Իլուատ Էլմանը ընտրած են երեք կազմակերպութիւն` «Love Does», «Փանզի» հիմնադրամ եւ «Փրաջուալա», որոնք կը պայքարին ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու համար, առաջնային բուժօգնութիւն կը տրամադրեն խիստ կարիքաւոր խումբերուն եւ կը փրկեն սեռական առեւտուրի զոհերը: Նոյն այս կազմակերպութիւնները պիտի դառնան մէկ միլիոն տոլար մրցանակի շահառուները:

Առ այսօր «Աւրորա»-ն ձեռնարկած եւ աջակցած է բազմաթիւ նախագիծերու աւելի քան 30 երկրի մէջ, որոնցմէ կ՛օգտուին մօտ մէկ միլիոն մարդ, որոնք կը տառապին պատերազմի վայրագութիւններու, սովի, առողջապահութեան պակասի, ցեղասպանութեան կամ մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներու հետեւանքով: Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու անունէն եւ ի երախտագիտութիւն անոնց փրկողներուն` «Աւրորա» մրցանակը կը ձգտի ընդլայնել համաշխարհային մարդասիրական շարժումը` շարունակելով երախտագիտութեան շղթան աշխարհով մէկ:

Անցած տարիներուն «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրներ եղած են Պուրունտացի գործիչ Մարգարիտ Պարանկիցէն (2016), ամերիկացի բժիշկ եւ միսիoներ Թոմ Քաթինան (2017 թ.), Ռոհինճայ իրաւապաշտպան Չոյ Լա Աունը (2018) եւ եզիտի գործիչ Միրզա Տինային (2019):

2020-ի Հոկտեմբեր 19-ին տեղի պիտի ունենայ «Աւրորա»-ի հնգամեակին նուիրուած «Երախտագիտութիւնն` ի գործ» յատուկ առցանց ձեռնարկը, որ պիտի հեռարձակուի Նիւ Եորքի հանրային գրադարանէն` մեծարելով «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրները եւ յարգանքի տուրք մատուցելով Նիւ Եորք քաղաքի` «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարող հերոսներուն:

2021-ի Մարտին Նիւ Եորքի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ ոչ առցանց ձեռնարկ, որ պիտի ուղեկցուի տիեզերական արարողութեամբ` նուիրուած «Քորոնա» ժահրի զոհերու յիշատակին:  

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2020, 08:21