Մրցանակակիրներ Քավալա եւ Հասսան Մրցանակակիրներ Քավալա եւ Հասսան 

Տինքի անուան հիմնարկին այս տարուան մրցանակակիրները Քավալան եւ Հասսանն են

Համաճարակին պատճառով, մրցանակաբաշխութիւնը այս տարի կազմակերպուեցաւ առցանց եղանակով եւ ուղղակի սփռուեցաւ «Ակօս» թերթի նախկին խմբագրատան շէնքի «23․5» սրահէն, որ վերածուած է Հրանդ Տինքը յիշելու վայրի մը:
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Հրանդ Տինքի անուան միջազգային հիմնարկը իր 2020ի մրցանակները շնորհեց Թուրքիոյ մէջ մօտաւորապէս 3 տարիէ ի վեր բանտարկուած քաղաքական այլախոհ, գործարար Օսման Քավալային եւ կանանց իրաւանց պաշտպան շարժումներու առաջնորդներէն՝ եգիպտացի Մոզն Հասսանին։

Համաճարակին պատճառով, մրցանակաբաշխութիւնը այս տարի կազմակերպուեցաւ  առցանց եղանակով եւ ուղղակի սփռուեցաւ «Ակօս» թերթի նախկին խմբագրատան շէնքի «23․5» սրահէն, որ վերածուած է Հրանդ Տինքը յիշելու վայրի մը: Արթօ Թոնչպոյաճեան եւ այլ արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքելը, մասակցեցան արարողութեան։

2009էն սկսեալ, այս մրցանակաբաշխութիւնը ամէն տարի կը կազմակերպուի 15 Սեպտեմբերին՝ Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը։

Այս տարուան մրցանակակիրները՝ Քավալա եւ Հասսան, արձագանգեցին հիմնարկի որոշումին, առաջինը՝ բանտէն, իսկ երկրորդը՝ Եգիպտոսէն, շնորհակալութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնելով։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2020, 07:35