Վեներա մոլորակ Վեներա մոլորակ 

Վեներայի մթնոլորտին մէջ կեանքի հաւանական նշաններ յայտնաբերուած են

Կը յստակացուի, որ յայտնագործութիւնը կատարուած է հզօր աստղադիտակներու միջոցով:

Գիտնականները Վեներայի մթնոլորտին մէջ յայտնաբերած են հազուագիւտ քիմիական նիւթ մը, որ կրնայ վկայել մոլորակի մակերեւոյթին կենդանի մանր գոյացութիւններու գոյութեան մասին. այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը` նշելով, որ նման վերտառութեամբ յօդուածը լոյս տեսած է «Նէյչըր Ասթրոնոմի» ամսագիրին մէջ:

Յայտնաբերուած նիւթը ֆոսֆին է, որ անգոյն թունաւոր կազ մըն է, որ չափազանց հազուադէպ գոյութիւն ունի բնական պայմաններու մէջ: Երկրագունդի վրայ անիկա մեծ մասամբ կը ստանան արհեստական եղանակով` քիմիական գործողութեան հետեւանքով:

Բացի ատկէ, ֆոսֆին նաեւ կը յառաջանայ կայծակի հարուածէն եւ հրաբխային շարժումներու ժամանակ, սակայն միայն փոքր քանակութեամբ, իսկ Վեներայի մէջ յայտնաբերուած են այդ կազի զգալի պաշարներ: Ճիշդ այդ ալ գիտնականներուն արտօնած է յառաջ մղել զգայացունց վարկածը:

Խնդիրը այն է, որ բնական եղանակով ֆոսֆինը այդպիսի քանակներով կրնայ ստացուիլ թթուածինազուրկ միջավայրի մէջ ապրող մանրէներու կենսագործունէութեան շնորհիւ: Ըստ աստղագէտներու, բազմաթիւ բացատրութիւններէն ամէնէն հաւանականը այն է, որ կազը ունի կենսաբանական ծագում:

Կը յստակացուի, որ յայտնագործութիւնը կատարուած է հզօր աստղադիտակներու միջոցով:

Նոյն ատեն, փորձագէտները կը շեշտեն, թէ յայտնաբերուածը վկայութիւն է այն բանի, թէ Վեներայի` «Երկրի քոյր» մոլորակին վրայ կեանք կրնայ գոյութիւն ունենալ, սակայն չի բացառուիր նաեւ այն տարբերակը, որ յայտնաբերուած ֆոսֆինը ունի այլ` առայժմ անյայտ ծագում:

Վեներան կը պատկանի երկրային խումբի մոլորակներու դասին. անիկա քանի մը առումներով նման է Երկրագունդին: Մասնաւորաբար, Վեներան իր չափի, զանգուածի, Արեւի մերձակայութեան առումով նման է Երկրագունդին, սակայն այլ առումներով արմատապէս կը տարբերի մեր մոլորակէն: Բացի Վեներայէն, երկրային խումբի մոլորակներէն են նաեւ Հրատը եւ Փայլածուն:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2020, 07:40