Որոնել

Ռմբակոծում Ռմբակոծում 

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը կը նախատեսէ արտակարգ նիստին քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութիւնը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը կը նախատեսէ արտակարգ նիստին քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութիւնը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կը նախատեսէ երեքշաբթի, 29 սեպտեմբերին գումարել հրատապ դռնփակ խորհրդակցութիւններ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ:  «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է կազմակերպութեան աղբիւրը:

«Քննարկումը, ամենայն հաւանականութեամբ, տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի օր`  դռնփակ խորհրդակցութեան ձեւաչափով», նշած է աղբիւրը:

ԹԱՍՍ-ի տեղեկութիւններով` հանդիպումը նախաձեռնած են եւրոպական շարք մը պետութիւններ:

Խորհրդակցութեան ձեւաչափը կ՛ենթադրէ, որ ներկայ ըլլան միայն Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամ երկիրներու դիւանագէտները` առանց տագնապի կողմերուն:

Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուրմաս Ռեինսալուն 27 սեպտեմբերին յայտնած էր, որ Էսթոնիան, իբրեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ, կը նախաձեռնէ խորհրդակցութիւններ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւնները քննարկելու համար

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2020, 08:59