Արցախի Ազգային Ժողովի նստավայրը Ստեփանակերտէն պիտի տեղափոխուի Շուշի Արցախի Ազգային Ժողովի նստավայրը Ստեփանակերտէն պիտի տեղափոխուի Շուշի 

Արցախի Ազգային Ժողովի նստավայրը Ստեփանակերտէն պիտի տեղափոխուի Շուշի

Կը կարծեմ` որոշումը ունի ինչպէս քաղաքական ու կիրառական, այնպէս ալ մեր պատմական ու յաղթական քաղաքը վերարժեւորելու խորհրդանշական նշանակութիւն», նշած է Արայիկ Յարութիւնեան:

9 մայիս 2022-ին, բերդաքաղաքի ազատագրութեան 30-ամեակին առիթով, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նստավայրը մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն  պիտի տեղափոխուի Շուշի: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին Դիմատետրի իր էջին գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:

«Ուրախ եմ, որ խորհրդարանի ամպիոնէն շաբաթներ առաջ ներկայացուցած առաջարկիս ի պատասխան արդէն ստացած եմ «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» եւ «Արդարութիւն»  խմբակցութիւններու դրական արձագանգը: Կը կարծեմ` Ազգային ժողովի միւս խմբակցութիւնները եւս պիտի միանան իրենց գործընկերներու դիրքորոշումին: Շուշի կատարած աշխատանքային այցելութեանս ընթացքին քննարկած ենք ժամանակին դատական ատեանի համար սկսած եւ կիսատ մնացած շէնքի խորհրդարանին յատկացման կարելիութիւնը: Անոր շինարարական աշխատանքները, յանձնարարականիս համաձայն, պիտի վերսկսին շուտով: Կը կարծեմ` որոշումը ունի ինչպէս քաղաքական ու կիրառական, այնպէս ալ մեր պատմական ու յաղթական քաղաքը վերարժեւորելու խորհրդանշական նշանակութիւն», նշած է Արայիկ Յարութիւնեան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2020, 08:00