ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժեր ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժեր 

Լիբանան. Ապահովութեան Խորհուրդը մէկ տարիով երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը։

Ապահովութեան խորհուրդին որոշումով, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն թիւը 15 հազարէն 13 հազարի նուազեցաւ:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը շաբաթավերջին մէկ տարիով երկարաձգեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը` նուազեցնելով այդ ուժերուն թիւը:

Ունկնդրէ լուրը

Ապահովութեան խորհուրդը պահանջեց առիթ տալ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հասնելու այն փապուղիներուն, որոնք կ՛երկարին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ` հատելով սահմանային Կապոյտ գիծը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը` ընդգծելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը 2006-էն ի վեր կրցած են պահպանել սահմանային անդորրը: Ապահովութեան խորհուրդին որոշումով, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն թիւը 15 հազարէն 13 հազարի նուազեցաւ:

Ապահովութեան խորհուրդը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար Անթոնիօ Կութիերեսէն պահանջեց, Լիբանանի եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող պետութիւններուն հետ գործակցաբար, այդ ուժերուն թիւը նուազեցնել` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը բարելաւելու նպատակով:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2020, 10:44