Մորիա -ի  գաղթականները Մորիա -ի գաղթականները 

Յունաստանի մէջ հրդեհի պատճառով աւերուած ճամբարի գաղթականները կ՛ուզեն Եւրոպական Միութեան երկիրներ փոխադրուիլ եւ ոչ թէ այլ Ճամբար

9-10 սեպտեմբերին երկու հրդեհի պատճառով գրեթէ ամբողջովին աւերուած էր Եւրոպական Միութեան մէջ մեծագոյնը նկատուող «Մորիա» ճամբարը:
Ունկնդրէ լուրը

Յունաստանի Լեսպոս կղզիին վրայ գտնուող «Քարա Թեփէ» ժամանակաւոր ճամբարին մօտ հարիւրաւոր գաղթականներ բողոքի ցոյց կատարած են` պահանջելով զիրենք փոխադրել Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «քորրեսփոնտենթ» կայքը:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ բազմաթիւ գաղթականներ չեն ուզեր վերջերս տեղի ունեցած հրդեհին պատճառով գրեթէ ամբողջովին աւերուած «Մորիա» ճամբարէն այլ ճամբար տեղափոխուիլ եւ առհասարակ Լեսպոս կղզիին վրայ մնալ:

Գաղթականներու եւ տեղահանուածներու հարցերով նախարար Նոթիս Միթարաքիս յայտարարած է, որ նոր ճամբարը յառաջիկայ հինգ օրուան մէջ ամբողջովին պիտի բնակեցուի: Այս վայրը կրնայ 3000 մարդ հիւրընկալել, սակայն տակաւին 500 անձ ընդունած է:

Յիշեցնենք, որ 9-10 սեպտեմբերին երկու հրդեհի պատճառով գրեթէ ամբողջովին աւերուած էր Եւրոպական Միութեան մէջ մեծագոյնը նկատուող «Մորիա» ճամբարը: Ըստ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարին, հրդեհին պատճառով անօթեւան մնացած են շուրջ 11.500 անձեր, ներառեալ` 4000 երեխաներ, որոնք ստիպուած եղած են քանի մը օր բաց երկինքի տակ գիշերել:

Ճամբարը սկիզբէն նախատեսուած եղած է ընդամէնը 2800 բնակիչի համար, սակայն տարիներ շարունակ գերբնակեցուած եղած է: Տեղեկութիւններու համաձայն, հրդեհին նախորդած են գաղթականներու միջեւ տեղի ունեցած անկարգութիւններ, որոնք առնչուած եղած են նախորդ շաբաթ «Քորոնա» ժահրով վարակման առաջին դէպքէն ետք մեկուսացման դրութեան հաստատումին:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2020, 11:34