Ալֆրետ Նոպելի կիսանրրին Ալֆրետ Նոպելի կիսանրրին 

Նոպելեան մրցանակի նիւթական նուէրը աւելցած է՝ պիտի ըլլայ մէկ միլիոն տոլլար

Քիմիագիտութեան, բնագիտութեան, գրականութեան եւ բժշկութեան ոլորտի մէջ Նոպելեան մրցանակակիրներուն, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիրներուն անունները այս տարի պիտի հրապարակուին 5 Հոկտեմբերին:

Նոպելեան հիմնադրամի ղեկավար Լարս Հէյքենստըն յայտնած է, որ Նոպելեան մրցանակներու գումարը 2020 թուականին կ’աւելնայ` ընդհանուր առումով, պիտի հասնի մինչեւ 10 միլիոն շուէտական քրօնի (մօտաւոր 1 միլիոն տոլար):

Ան յատկապէս ըսած է. «Այս տարի յատկապէս կարեւոր է գնահատել եւ աջակցիլ այն դափնեկիրներուն, որոնց ձեռքբերումները մեզ ոգեշնչած են եւ ապագայի յոյս տուած են»:

Աւելցնենք, որ քիմիագիտութեան, բնագիտութեան, գրականութեան եւ բժշկութեան ոլորտի մէջ Նոպելեան մրցանակակիրներուն, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիրներուն անունները այս տարի պիտի հրապարակուին  5 Հոկտեմբերին:

Մրցանակներու յանձնումը տեղի կ’ունենայ 10 Դեկտեմբերին` մրցանակի հիմնադիր Ալֆրետ Նոպելի մահուան օրը:

Քաղուած «Գանձասար»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2020, 08:52