Որոնել

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-ամեակի հանրապետական մաղթանք Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-ամեակի հանրապետական մաղթանք 

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-ամեակին նուիրուած հանրապետական մաղթանք

Ս. պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ դեսպանատան աշխատակազմը, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ ու հաւատացեալ ժողովուրդ:

Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիսապետեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ պատարագին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի յուշակոթողին առջեւ կատարուած Հանրապետական մաղթանքին:

Ս. պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ դեսպանատան աշխատակազմը, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ ու հաւատացեալ ժողովուրդ:

Ս. պատարագի աւարտին վեհափառ հայրապետը հայրապետական թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ 2018 թուականին կառուցուած անկախութեան յուշակոթող, ուր տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-ամեակին առիթով Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն` ձեռամբ վեհափառ հայրապետին:

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն մէջ եւս տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2020, 08:07