Կարդինալ Փարոլինը Լիբանանի մէջ Կարդինալ Փարոլինը Լիբանանի մէջ 

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը ժամանած է Պէյրութ` զօրակցելու Լիբանանցիներուն

Կարդինալ Փարոլինը այսօր 4 սեպտեմբերին, պիտի գլխաւորէ պայթումին պատճառած զոհերուն յիշատակին նուիրուած Ս. պատարագ, ապա համաշխարհային աղօթք՝ Պէյրութի արագ վերակառուցման նպատակով:

Վատիկանի պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին երէկ ժամանեց Լիբանան` զօրակցելու համար Պէյրութի եւ անոր քրիստոնեայ ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն:

Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումէն ամիս մը ետք, այսօր` 4 սեպտեմբեր 2020-ին, Ս. պատարագ պիտի մատուցուի պայթումին պատճառած զոհերուն յիշատակին նուիրուած, ինչպէս նաեւ համաշխարհային աղօթք պիտի կատարուի Պէյրութի արագ վերակառուցման նպատակով:

Փարոլինը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեցին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէն, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Ճիուզեփփէ Սփիթերին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Վատիկանի դեսպանատան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմերէն պատուիրակութիւններ:

Ուեհպէ Փարոլինի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը յարգէ եւ կը գնահատէ Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Լիբանանի դրօշը համբուրելու քայլը` հաստատելով, որ այդ օրհնութիւնը սփոփած է բոլոր լիբանանցիներուն սրտերը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2020, 08:02