Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տըրիան Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տըրիան  

Լը Տըրիան. «ՄԱԿ եւ Վատիկան կը զօրակցին Լիբանանի մէջ Մաքրոնի ի գործ դրած ճիգերուն»

Լը Տըրիան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական եւ ընկերային մարզերը փուլ կու գան, եւ երկիրը բարեկարգում չի կատարեր` միաժամանակ պահանջելով միջազգային օժանդակութիւն, ապա բնական է, որ Ֆրանսա ըլլայ Լիբանանին օժանդակող գլխաւոր երկիրը:
Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տըրիան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանին նեցուկ կանգնելու կեցուածքը արդիւնք է երկկողմանի մտերմութեան եւ ամրապնդուած յարաբերութիւններուն, որոնք տարբեր մակարդակներու վրայ կը գտնուին` մշակութային, ընկերային, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան, այլ մարզերու, ինչպէս նաեւ անձնական յարաբերութիւններու վերաբերող:

Լը Տըրիան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական եւ ընկերային մարզերը փուլ կու գան, եւ երկիրը բարեկարգում չի կատարեր` միաժամանակ պահանջելով միջազգային օժանդակութիւն, ապա բնական է, որ Ֆրանսա ըլլայ Լիբանանին օժանդակող գլխաւոր երկիրը:

Լը Տըրիան հաստատեց, որ Ֆրանսայի նախագահ էմանուէլ Մաքրոն միակ նախագահն էր, որ Պէյրութի նաւահանգիստին հսկայական պայթումին յաջորդ օրն իսկ ուղղուեցաւ Պէյրութ:

«Լիբանանցիները պէտք է բարեկարգումները գործադրեն, իսկ Ֆրանսա պէտք է հսկէ անոնց գործադրութեան: Իսկ Մաքրոնի նախաձեռնութեան մասին միջազգային ընտանիքին զօրակցութեան առումով պէտք է հաստատել, որ ՄԱԿ եւ Վատիկան կը զօրակցին Լիբանանի մէջ Մաքրոնի ի գործ դրած ճիգերուն», շեշտեց ան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2020, 08:07