Որոնել

Դիլիջանի նոր կառուցուող եկեղեցին Դիլիջանի նոր կառուցուող եկեղեցին 

Դիլիջանի նոր կառուցուող եկեղեցւոյ օրհնութեան արարողութիւն։

Եկեղեցւոյ կառուցման ծրագիրը կ՛իրականացուի Դիլիջանի զարգացման հիմնադրամի եւ «Անի» հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման նախաձեռնութեան կողմէ` Դիլիջանի քաղաքապետարանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հետ համագործակցութեամբ:

Սեպտեմբեր 22-ին տեղի ունեցած է Դիլիջանի նոր կառուցուող եկեղեցւոյ առաջին քարերու տեղադրման եւ օրհնութեան արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ “Մեդիամասք”-ը։

Ունկնդրէ լուրը

Դիլիջան համայնքի բնակիչներու մասնակցութեամբ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանի եւ Տէր Շաւարշ քահանայ Սիմոնեանի օրհնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ:

Եկեղեցւոյ կառուցման ծրագիրը կ՛իրականացուի Դիլիջանի զարգացման հիմնադրամի եւ «Անի» հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման նախաձեռնութեան կողմէ` Դիլիջանի քաղաքապետարանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հետ համագործակցութեամբ:  

Շուրջ 80 տարի է, որ Դիլիջանը չունի սեփական եկեղեցի եւ այսօր կրօնական ծառայութիւնները կ՛իրականացուին Հին Դիլիջան հիւրանոցային համալիրին մէջ: Նոր եկեղեցւոյ կառուցման շնորհիւ հոգեւոր ծիսակատարութիւններուն Դիլիջանի մէջ կրնայ մասնակցիլ միաժամանակ 300-էն աւելի մարդ: Կը նախատեսուի ունենալ նաեւ կիրակնօրեայ դպրոց:

«Դիլիջանի մէջ սեփական եկեղեցի ունենալու ցանկութիւն յայտնած են դիլիջանցիները: Ուստի` եկեղեցւոյ կառուցման ծրագրին մէջ կը փորձենք հնարաւորինս շատ ներգրաւել համայնքի բնակիչները, որպէսզի իրենք ալ իրենց ներդրումն ու աջակցութիւնը ցուցաբերեն եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքներուն: Նպատակ ունենալով Դիլիջանը դարձնել մշակութային, կրթական եւ զբօսաշրջային կեդրոն` եկեղեցին պիտի դառնայ Դիլիջան համայնքին մէջ իրականացուած մեր յաջողակ ծրագիրներէն մէկը»,- ըսած է ծրագրի ղեկավար Արթուր Ամիրխանեան:

2019-ի Հոկտեմբեր 18-ին տեղի ունեցած էր եկեղեցւոյ հիմնարկեքի արարողութիւնը, իսկ այս տարի մեկնարկած են եկեղեցւոյ բուն շինարարական աշխատանքները. արդէն կառուցուած են հիմնասիւներն ու հիմնական հրապարակը:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2020, 08:25