Որոնել

Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ 

Այն երազանքները, որ ունէինք անկախութիւն հռչակելու ժամանակ, իրականութիւն են. ՀՀ Նախագահ

ՀՀ նախագահի ուղերձը հայաստանի անկախութեան 29-ամեակին առիթով:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է անկախութեան 29-ամեակին առիթով:

ՀՀ նախագահի ուղերձը ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնով.

«Սիրելի հայրենակիցներ,

Կը շնորհաւորեմ մեր կարեւորագոյն պետական տօնին՝ Անկախութեան օրուան առիթով։

1991թ. Սեպտեմբեր 21-ին, միասնաբար եւ վստահ «այո» ըսինք անկախութեան։

Այն երազանքները, որ ունէինք անկախութեան ձգտելու եւ անկախութիւն հռչակելու ժամանակ, իրականութիւն են ի դէմս մեր անկախ պետականութեան։

Սակայն այս ճանապարհը կը շարունակուի: Մեզի համար, իբրեւ ժողովուրդ ու պետութիւն, շատ բան դեռ մեր առջեւ է՝ նոր ծրագրեր, նոր նպատակներ, նոր յաղթանակներ։

Ատոր համար պէտք է ունենանք յստակ տեսլական, իրականանալի ծրագիր, ինչպէս նաեւ հաստատուն կամք։ Ապագան կը ծնի ասոնցմէ բխող որոշումներու եւ ջանքերու, մեր մտածողութեան ու գիտակցութեան, մեր աշխատանքի հանրագումարով՝ հենուելով մեր ազգային ու բարոյական արժէքներուն, մեր պատմութեան, մեր ժառանգութեան վրայ։

Միայն իր անցեալն ու աւանդոյթները, մշակոյթն ու լեզուն չմոռցող եւ գնահատող, առաջ նայող եւ ժամանակը զգացող անհատը, հասարակութիւնը, ժողովուրդը կրնան զարգացնել ինչպէս իրենց հոգեւոր ու նիւթական, այնպէս ալ իրական եւ վերացական աշխարհը։

Որքան ալ աշխարհը փոխուի, անոր հիմքերուն հիմքը միշտ պիտի ըլլան բարութիւնը, գթասրտութիւնը, արդարութեան ու ճշմարտութեան ձգտումը՝ այն ամէնը, ինչի վրայ հիմնուած է մեր ազգային արժէհամակարգը։

Մեր եղբայրները եւ քոյրերը՝ զինուոր թէ ազատամարտիկ, բժիշկ թէ մտաւորական, հողագործ թէ գրող Հայաստանէն, Արցախէն ու Սփիւռքէն, բոլոր անոնք, որոնք պայքարած, նուիրուած են Հայրենիքին՝ Հայաստանին եւ Արցախին, որոնք զոհուած են յանուն անոր անկախութեան, կը պատգամեն մեր բոլորին՝ ոչինչ խնայել ներկայի եւ ապագայի համար։

Կը խոնարհիմ անոնց առջեւ։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր մեր կողքին կրկին նուիրեալներ ունինք, որոնք կը պահեն մեր մշակոյթի ու գիտութեան, մեր առողջութեան ու կրթութեան սահմանը, որոնք մեր ազգային ինքնութեան եւ արժէքներու կրողն ու պաշտպանն են, որոնք իրենց ջանքը կը ներդնեն հայրենիքի հզօրացման, հայրենի հողի անվտանգութեան համար՝ զինուորականէն մինչեւ բուժաշխատող, գիտնականէն մինչեւ ՏՃ մասնագէտ, հեռաւոր գիւղի ուսուցիչէն մինչեւ մանկապարտէզի դաստիարակ, ցորեն աճեցնողէն մինչեւ հացթուխ, երաժիշտէն մինչեւ մարզիկ, նորարարէն մինչեւ հնագէտ…

Հայրենիքի ճակատագիրը կախուած է բոլորէս ու իւրաքանչիւրէս, պատասխանատու ըլլալու, պատասխանատւութիւն ստանձնելու մեր կարողութենէն, մեր համերաշխութենէն, միասնութենէն, իրարու նկատմամբ մեր բարութենէն ու հանդուրժողականութենէն։

Պէտք է համախմբուինք։

Գործենք միասին՝ որքան ալ տարբեր ըլլան մեր մտածելակերպը, աշխարհայացքն ու պատկերացումները։

Անկախութեան օրը պէտք է ըլլայ մեր համազգային միասնութեան խորհրդանիշը:

Պաշտպանենք ու զօրացնենք մեր Հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը, իբրեւ մեր ազգային իղձերու առանցք եւ հիմնասիւն։

Խաղաղութիւն ու բարեկեցութիւն մեր Հայրենիքին եւ ժողովուրդին:

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը։

Կեցցէ՛ միասնական հայ ժողովուրդը։

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին։

Աստուած պահապան բոլորիս»:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2020, 09:44