Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս 

Մեր շնորհաւորանքները կը բերենք ուսանող եւ աշակերտ մեր զաւակներուն եւ կրթական գործի բոլոր նուիրեալներուն. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

Գարեգին Բ ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շնորհաւորական ուղերձը գիտելիքի, գրի եւ դպրութեան օրուան առիթով

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական օրհնութեամբ Մեր շնորհաւորանքները կը բերենք ուսանող եւ աշակերտ մեր զաւակներուն եւ կրթական գործի բոլոր նուիրեալներուն՝ Գիտելիքի, գրի եւ դպրութեան օրուայ առիթով:

Դարեդար մեր ժողովուրդը սիրոյ եւ մեծարումի զգացումով ապրած է գիտելիքի ու դպրութեան հանդէպ, պահպանած այն հակառակ ամէն փորձութեան եւ աւանդած մեզի իբրեւ անգին ժառանգութիւն, որ եւ դարձած է մեր յարատեւութեան գրաւականներէն մէկը։

Աշխարհի մէջ այսօր տարածուած համավարակի հետեւանքով բազում մարտահրաւէրներ առաջ եկած են, դժուարութիւններ յառնած են նաեւ մեր կրթական հաստատութեանց առջեւ ուսումնական գործընթացին։ Մենք աղօթք կը վերառաքենք առ Բարձրեալը, որ անխոչընդոտ մեկնարկէ ուսումնական տարին եւ մեր զաւակները տոգորէ նոր յոյսերով, ուսումնատենչ ոգիով ու աննկուն ջանասիրութեամբ, որպէսզի գիտելիքն ու իմացութիւնը, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքները շարունակաբար առանցքային եւ հիմնարար ըլլան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։

Կ'աղօթենք, որ Տէրը բազում յաջողութիւններով պսակէ մեր սաներու ուսումնառութեան ընթացքը ու զօրակից ըլլա մեր մանկավարժներուն եւ կրթութեան գործի բոլոր մշակներուն իրենց նուիրական եւ պատասխանատու կոչման եւ առաքելութեան մէջ:

Թող մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի Քրիստոսի աստուածային սէրն ու Սուրբ Հոգիի առատ շնորհները միշտ մեր ժողովուրդի հետ ըլլան, ամէն։

Օրհնութեամբ՝

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2020, 10:22