Յարգանք պայթումի զոհերուն Յարգանք պայթումի զոհերուն 

Նաւահանգիստի Պայթումէն ամիս մը ետք Պէյրութ տակաւին կը տնքայ հսկայական աւերին ազդեցութեան տակ

Պէյրութի նաւահանգիստին կից գտնուող արտերկրի լիբանանցիի արձանին մօտ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին պայթումի 190 զոհերուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ աղօթեցին անոնց հոգիներուն եւ վիրաւորներուն բուժման համար։

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ամիս մը ետք լիբանանցիները տակաւին կը տնքան այդ պայթումին յառաջացուցած մարդկային վնասներուն եւ հսկայական քանդումին ազդեցութեան տակ:

4 օգոստոսի պայթումին հետեւանքները ծանր են, խոր, յուզիչ եւ ցնցող:

Ունկնդրէ լուրը

Լիբանանցիները ուրբաթ, 4 սեպտեմբերի, երեկոյեան ժամը 6:07-ին Պէյրութի նաւահանգիստին կից գտնուող արտերկրի լիբանանցիի արձանին մօտ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին պայթումի 190 զոհերուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ աղօթեցին անոնց հոգիներուն եւ վիրաւորներուն բուժման համար:

Այս առիթով զոհերուն հարազատները արտասանեցին խօսքեր:

Հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պէյրութի հրշէջներու բաժանմունքէն խմբակ մը` պանծացնելով 10 նահատակ գործընկերներուն յիշատակը:

Լիբանանցի արուեստագէտներ մասնակցեցան այս հաւաքին եւ պատշաճ նուագներով ու երգերով ոգեկոչեցին զոհերուն յիշատակը:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան կազմակերպութեամբ պայթումի վայրին մէջ զետեղուեցաւ յուշարձան մը, ուր հրաւիրուեցան զոհերուն ընտանիքները:

Յուշարձանին զետեղուեցան ծաղկեպսակներ, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ մոմավառութիւն:

Բանակին կողմէ վառեցան 5000 մոմեր, որոնց լոյսով գրուեցաւ «Պէյրութ» բառը:

Բանակի հրամանատարութիւնը ոգեկոչեց նաեւ նահատակ բանակայիններուն յիշատակը եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2020, 09:08