Դիմակ կրած մարդու մը լուսանկար Դիմակ կրած մարդու մը լուսանկար 

Իսրայէլ կ՚ուղղուի դէպի ամբողջական «քարանթին»

կառավարութեան որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ 18 սեպտեմբերէն՝ ժամը 14:00-էն:

Իսրայէլի կառավարութիւնը քուէարկած է երեք շաբաթով քարանթինի սահմանման օգտին, կը յայտնէ ՌԻԱ «Նովոսթի»-ն։

Ինչպէս կը գրէ պարբերականը, կառավարութեան որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ 18 սեպտեմբերէն՝ ժամը 14:00-էն:

11 Սեպտեմբերին «Քորոնա» ժահրի կառավարական յանձնաժողովն առաջարկած է ամբողջական «լոքտաուն» սահմանել հրէական տօներու ժամանակ, որոնք կը սկսին 18 սեպտեմբերէն:

Առաջարկութիւնները կը ներառեն քաղաքացիներու տեղաշարժի սահմանափակումներ, կրթական հաստատութիւններու, ճաշարաններու եւ սրճարաններու փակում։ Սահմանափակումները չեն վերաբերիր կենսական անհրաժեշտ արտադրութիւններու փակման, կը հաղորդէ կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

Քաղուած «Արեւեք»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2020, 11:06