Զօհրապ Մնացականեան եւ Ալ-Ազհար մզկիթի գերագոյն հոգեւորական շէյխ Ահմետ Մուհամմետ Ալ-Թայիպ Զօհրապ Մնացականեան եւ Ալ-Ազհար մզկիթի գերագոյն հոգեւորական շէյխ Ահմետ Մուհամմետ Ալ-Թայիպ 

Հանդիպում՝ Շէյխ Ահմետ Մուհամմետ Ալ-Թայիպի հետ

Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ հայ-եգիպտական դարաւոր բարեկամութիւնը՝ խարսխուած երկու ժողովուրդներուն միջեւ համերաշխութեան եւ փոխադարձ յարգանքի զգացումներու վրայ:

Զօհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ալ-Ազհար մզկիթի գերագոյն հոգեւորական շէյխ Ահմետ Մուհամմետ Ալ-Թայիպի հետ:

Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ հայ-եգիպտական դարաւոր բարեկամութիւնը՝ խարսխուած երկու ժողովուրդներուն միջեւ համերաշխութեան եւ փոխադարձ յարգանքի զգացումներու վրայ:

«Յիրաւի գնահատելի է Եգիպտոսի կառավարութեան ջերմ եւ հոգատար վերաբերմունքը հայ համայնքի նկատմամբ, ինչի շնորհիւ հայերը կարողացան պահպանել իրենց լեզուն, մշակոյթը, կրօնը եւ ազգային ինքնութիւնը», յայտնեց նախարար Մնացականեան՝ աւելցնելով, որ կրօնական հանդուրժողականութեան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն Եգիպտոսի փորձառութիւնը կրնայ լաւ օրինակ ծառայել:

Երկուստեք մտահոգիչ նկատեցին  աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ ծայրայեղական դրդապատճառներով յանցագործութիւնները եւ կրօնական հիմքի վրայ խտրականութեան դրսեւորումները ու քաղաքական նպատակներով կրօնի շահարկումը: Այս պարունակին մէջ, զրուցակիցները շեշտեցին միջկրօնական հանդուրժողականութեան եւ համերաշխ համակեցութեան կարեւորութիւնը:

Նախարար Մնացականեան յայտնեց, որ Հայաստան միջազգային տարբեր ձեւաչափերով հետեւողականօրէն կ՛աշխատի կրօնական խումբերու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ կրօններու բազմազանութեան ապահովման ուղղութեամբ:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2020, 09:06