Դպրոցական վերամուտ Դպրոցական վերամուտ 

Դպրոցական վերամուտ` նոր պայմաններով. 1-ին դասարանի աշակերտները այսօր դպրոց կ՛երթան

Աշակերտները դպրոց պիտի յաճախեն հակահամաճարակային կանոնները պահպանելով:

Դպրոցական վերամուտը Հայաստանի բոլոր դպրոցներու բոլոր բաժիններուն՝ )տարրական, միջին, աւագ) համար կը սկսի 2020-ի Սեպտեմբեր 15-էն, իսկ 1-ին դասարանի աշակերտները դպրոց կ՛երթան այսօր` Սեպտեմբեր 14-ին:

Աշակերտները դպրոց պիտի յաճախեն հակահամաճարակային կանոնները պահպանելով:

Դպրոցի մուտքին բոլորը պիտի ջերմաչափուին, ձեռքերը ախտահանեն:

Օրուան ընթացքին ուսուցիչները եւ աշակերտները պիտի ապահովուին անհրաժեշտ դիմակներով եւ ախտահանիչ նիւթերով, հեռահար օգտագործման ջերմաչափով` առնուազն դպրոցի մուտքերու թիւով:

Դպրոցին մէջ աշակերտներուն շարժը պիտի կազմակերպուի այնպէս, որպէսզի կուտակումներ ու սերտ շփումներ չըլլան։ Բոլորը պարտադիր դիմակներ պիտի դնեն` զանոնք փոխելով 4 ժամը մէկ եւ ըստ անհրաժեշտութեան:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2020, 08:31