Նիակարայի  ջրվէճը Նիակարայի ջրվէճը 

Անկախութեան Oրը Նիակարայի ջրվէժը պիտի լուսաւորուի Հայոց Եռագոյնի գոյներով

Դեսպանութիւնը այս յուզիչ իրադարձութեան ներկայ գտնուիլ ցանկացողները կը հրաւիրէ մասնակցելու ձեռնարկին, որ կը մեկնարկէ Սեպտեմբեր 21-ին ժամը 22:00-ին։

Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով Սեպտեմբեր 21-ին Նիակարայի ջրվէժը պիտի լուսաւորուի Հայաստանի դրօշի՝ Եռագոյնի գոյներով: Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն։

Ունկնդրէ լուրը

«Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առթիւ Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը, համագործակցելով Նիակարայի ջրվէժի լուսաւորման խորհուրդին հետ, ուրախ է տեղեկացնելով, որ Սեպտեմբեր 21-ին Նիակարայի ջրվէժը պիտի լուսաւորուի Հայաստանի դրօշի գոյներով»,-կը յայտնեն դեսպանութենէն:

Դեսպանութիւնը այս յուզիչ իրադարձութեան ներկայ գտնուիլ ցանկացողները կը հրաւիրէ մասնակցելու ձեռնարկին, որ կը մեկնարկէ Սեպտեմբեր 21-ին ժամը 22:00-ին (Երեւանի ժամանանով Սեպտեմբեր 22-ին ժամը 06:00-ին) եւ պիտի տեւէ 15 վայրկեան։

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2020, 14:15