Որոնել

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւն 

Նաղդալեան. «Հայաստանը ունի միջազգային հանրութեան միանշանակ եւ անվերապահ աջակցութիւնը»

Մենք ունինք միջազգային հանրութեան միանշանակ, անվերապահ աջակցութիւնը, որ կը դատապարտէ ուժի կիրարկումը եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան ու անվտանգութեան խաթարման ուղղուած ջանքերը

ՀՀայաստանի Հանրապետութիւնը ունի միջազգային հանրութեան միանշանակ եւ անվերապահ աջակցութիւնը այն հարցին մէջ, որ պէտք է անյապաղ դադրեցնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւնները եւ դատապարտել ուժի կիրարկման որեւէ դրսեւորում: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին 28 սեպտեմբերին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:

«Մենք ունինք միջազգային հանրութեան միանշանակ, անվերապահ աջակցութիւնը, որ կը դատապարտէ ուժի կիրարկումը եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան ու անվտանգութեան խաթարման ուղղուած ջանքերը: Բախելով միջազգային հանրութեան այդ դիրքորոշումին` Պաքուն սկսաւ դիմել իր աւանդական գործիքակազմին` կեղծ լուրեր տարածելով, թէ հայկական կողմը բախումի առաջին նախաձեռնողն է», ըսաւ Նաղդալեան:

Նաղդալեան աւելցուց, որ առաջին անգամը չէ, երբ Պաքուն նման քայլի  կը դիմէ, սակայն Հայաստանը ունի փաստական տուեալներ, որ Ազրպէյճանը սկսած է ռազմական գործողութիւնները:

«Մենք ունինք փաստական, անհերքելի տուեալներ, թէ ո՛ր կողմը սկսած է մարտական գործողութիւնները: Տարիներ շարունակ խախտելով եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագիրները, որոնցմով հաստատուած է զինադադարը ու հրաժարելով զինադադարի խախտման հետախուզման մեքանիզմներու ներդրումներէն, Ազրպէյճան ցոյց տուած է, որ միշտ ունեցած է պատերազմ սկսելու ծրագիրներ», նշեց Աննա Նաղդալեան:

Նաղդալեան նշեց, որ այս անգամ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը ունի երկու առանձնայատկութիւն:

«Առաջին առանձնայատկութիւնը այն է, որ Ազրպէյճանի նախագահին մակարդակով հրապարակաւ հրաժարում կատարուած է խաղաղ գործընթացէն, մտադրուած է խնդիրը լուծել ռազմական ճամբով: Երկրորդ առանձնայատկութիւնը այն է, որ այս անգամ մենք կ՛առնչուինք Ազրպէյճանին ցուցաբերուող Թուրքիոյ քաղաքական եւ ռազմական ուղղակի աջակցութեան: Անիկա կը դրսեւորուի տեղւոյն վրայ թրքական ռազմական ներկայութեամբ: Այս անգամ Արցախի ժողովուրդը կը պայքարի թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին դէմ: Արցախի եւ Հայաստանի կարողութիւնները եւ վճռականութիւնը` հակադարձել այս դաշինքին, աներեր են», ըսաւ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը:

Աննա Նաղդալեան աւելցուց, որ Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութիւնը կ՛աշխատի արտակարգ դրութեամբ, իսկ նախարար Զոհրապ Մնացականեան մշտական կապի մէջ է զանազան երկիրներու  իր գործընկերներուն հետ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2020, 08:39