Որոնել

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուսը: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուսը: 

Նոր համավարա՞կ. ԱՀԿ-ի ղեկավարի զգուշացումը

«Սա վերջին համավարակը չէ: Պատմութիւնը կը սորվեցնէ մեզի, որ հիւանդութիւններու եւ համավարակներու բռնկումները, ըստ էութեան, կեանքի մէկ մասն են: Երբ գայ յաջորդ համավարակը, աշխարհը պէտք է աւելի պատրաստուած ըլլայ, քան այս անգամ»

Նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած հիւանդութեան ներկայիս համավարակը վերջինը չէ, այդ իսկ պատճառով աշխարհը պէտք է ժամանակին պատրաստուի նոր համավարակին: Ինչպէս կը հաղորդէ ТАСС գործակալութիւնը, այս մասին Ժընեւի մէջ կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուսը:

Ունկնդրէ լուրը

«Սա վերջին համավարակը չէ: Պատմութիւնը կը սորվեցնէ մեզի, որ հիւանդութիւններու եւ համավարակներու բռնկումները, ըստ էութեան, կեանքի մէկ մասն են: Երբ գայ յաջորդ համավարակը, աշխարհը պէտք է աւելի պատրաստուած ըլլայ, քան այս անգամ»,- արձանագրած է ԱՀԿ ղեկավարը:

Անոր խօսքով՝ «Քովիտ-19»-ի համավարակը «բազմաթիւ դասեր կու տայ բոլորին»: «Անոնցմէ մէկն այն է, որ առողջութիւնը շքեղութեան պարագայ չէ, այլ անհրաժեշտութիւն է եւ մարդկային իրաւունք»,- ընդգծած է Կեպրէյեսուսը՝ աւելցնելով, որ առողջապահութեան համակարգը կը հանդիսանայ «հասարակական, տնտեսական եւ քաղաքական կայունութեան հիմքը»:

Ամբողջ աշխարհին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է աւելի քան 27,3 մլն մարդ, մահացած է՝ աւելի քան 890 հազարը:

Քաղուած «Արեւեք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2020, 10:25