Գիւղատնտեսութիւն Գիւղատնտեսութիւն 

Հայաստան եւ Արցախ կը շարունակեն գիւղատնտեսական ոլորտին մէջ ներդաշնակ ընթանալ

Քննարկուեցան նաեւ գիւղատնտեսութեան որոտին մէջ նոր ներդրումներու ներգրաւման, պետական աջակցութեան գործիքակազմի ենթակառուցուածքներու զարգացման, վերամշակման ոլորտներուն մէջ առաւել արդիւնաւէտ քաղաքականութեան իրականացման վերաբերող հարցեր:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան 9 Սեպտեմբերին ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար Աշոտ Բախշիյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Հանդիպման օրակարգը կ՛ընդգրկէր հայկական երկու պետութիւններուն գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ իրականացուող ծրագիրներու լայն շրջանակ մը:

Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Տիգրան Խաչատրեան յայտնեց, որ հանդիպման կարեւոր նպատակներէն է՝ քննարկել գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ իրականացող ծրագիրները եւ մինչեւ տարեվերջ ներկայացնել այն առարկայական համաձայնութիւնները, որոնք հիմք պիտի հանդիսանան հետագայ ներդաշնակ գործողութիւններու:

Նոյն ժամանակ նախարարը գոհունակութեամբ յայտնեց, որ շարք մը կէտերու շուրջ արդէն իսկ արձանագրուած են փոխհամաձայնութիւններ:

Երկուստեք ընդգծուեցաւ միասնական ուժերով, փոխգործակցութեամբ եւ երկու կողմերուն պետական օժանդակութեան գործիքակազմի կիրարկումով պարէնային անվտանգութեան եւ պարէնային ապահովութեան կարեւորութիւնը:

«Մեր բոլոր գործողութիւններն, ի վերջոյ, երկու կարեւոր խնդիր լուծելու նպատակ ունեն`Արցախի եւ Հայաստանի ժողովրդին ապահովելու տեղական արտադրութեան բաւարար քանակութեամբ սնունդով, որը միաժամանակ լինի որակեալ: Եւ կարծում եմ, որ այն մեթոդները, որոնք մեր կողմից մշակուած են եւ որպէս ծրագիր առաջարկուած կիրառութեան համար, այդ նպատակին են ծառայում», ըսաւ Տիգրան Խաչատրեան:

Իր խօսքին մէջ Աշոտ Բախշիյեան ըսաւց, որ Արցախի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան եւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւններուն միջեւ ձեւաւորուած են շատ ջերմ յարաբերութիւններ, որոնք կրնան գործնական ոլորտի մէջ միասնական յաջողութիւններու լուրջ խթան հանդիսանալ:

Այնուհետեւ Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարը համառօտ կերպով ներկայացուց Արցախի գիւղատնտեսական բնագաւառին մէջ իրականացող ծրագիրները եւ յառաջիկայ նախաձեռնութիւնները:

Քննարկուեցան նաեւ գիւղատնտեսութեան որոտին մէջ նոր ներդրումներու ներգրաւման, պետական աջակցութեան գործիքակազմի ենթակառուցուածքներու զարգացման, վերամշակման ոլորտներուն մէջ առաւել արդիւնաւէտ քաղաքականութեան իրականացման վերաբերող հարցեր:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2020, 09:39