Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ նոր հրդեհ բռնկած է Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ նոր հրդեհ բռնկած է 

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ նոր հրդեհ բռնկած է․ Տուժածներ չկան

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգստին մէջ տեղի ունեցած է հզօր պայթում, որուն հետեւանքով զոհուած է 190 մարդ, վիրաւորուած 6,5 հազար հոգի, իսկ մօտ 300 հազար հոգի անտուն մնացած է:

Սեպտեմբեր 10-ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգիստի տարածքին բռնկած հրդեհի հետեւանքով քաղաքացիներ չեն տուժած, «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ՝ յայտնած է «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

«Հրդեհի հետեւանքով ոչ ոք վնասուած է եւ բոլորը տարհանուած են:  Այս պահուն հրշէջ-փրկարարներ կ՛աշխատին դէպքի վայրին մէջ, որպէսզի մարեն զայն: Այնտեղ եղած են աշխատողներ, որոնք տարհանուած են, ոչ ոք տուժած է: Մօտ 1 ամիս առաջ տեղի ունեցած պայթումին նման չէ, բարեբախտաբար, սակայն մարդոց մօտ խուճապ կայ»,- նշած է Գանտահարեան:

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգստին մէջ տեղի ունեցած է հզօր պայթում, որուն հետեւանքով զոհուած է 190 մարդ, վիրաւորուած 6,5 հազար հոգի, իսկ մօտ 300 հազար հոգի անտուն մնացած է:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2020, 15:24