Սուրիահայերուն աջակցութիւն Սուրիահայերուն աջակցութիւն 

Հայաստան հիմնադրամը շուրջ 70 հազար տոլարի աջակցութիւն տրամադրած է Սուրիահայերուն

Նուիրուած հանգանակութիւնը համամասնաբար բաշխուած է՝ 30,000 տոլար Սուրիոյ մէջ հայկական կրթական հաստատութիւններու 502 ուսուցիչիներուն, ինչպէս նաեւ սպասարկող անձնակազմերու 42 անդամներու:

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան յանձնեց շուրջ 70,000 տոլար, որ պիտի փոխանցուի Սուրիոյ հայրենակիցներուն` «Քորոնա» ժահրին պատճառով անոնց ունեցած ծանր առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակը մեղմացնելու նպատակով: Այս մասին յայտնեցին Հայաստան Համահայկական հիմնադրամէն:

Նուիրուած հանգանակութիւնը համամասնաբար բաշխուած է՝  30,000 տոլար Սուրիոյ մէջ հայկական կրթական հաստատութիւններու 502 ուսուցիչիներուն, ինչպէս նաեւ սպասարկող անձնակազմերու 42 անդամներու:

Նոյն ժամանակ, ընդհանուր 40,000 տոլարի օժանդակութիւն տրամադրուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ Սուրիոյ մէջ բուժում ստացող մեր հայրենակիցներուն: Նշենք, որ հանգանակուած գումարները յատկացուած են ««Քորոնա» Հայաստան․ Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաք-արշաւէն գոյացած ֆոնտէն:

«Հայապահպանման նուիրական իր առաքելութեան համահունչ` Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը մշտապէս մեր հայրենակիցների կողքին է», յայտնեց հիմնադրամը:

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2020, 09:31