ARMENIA-VIRUS-HEALTH-POLICE ARMENIA-VIRUS-HEALTH-POLICE 

Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւնը պիտի չերկարաձգուի

Ըստ կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին, վարակիչ հիւանդութիւններու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ներբեռնման, ներթափանցման, անոնց ծագման եւ տարածման վտանգի, բռնկումներու, համաճարակի յառաջացման, ինչպէս նաեւ անոնց իբրեւ հետեւանք արտակարգ իրավիճակ յառաջանալու պարագաներուն կրնայ սահմանուիլ մեկուսացումի դրութիւն:

Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց կառավարութեան ներկայացուցած օրէնսդրական փաթեթը, որով արտակարգ դրութիւնը այլեւս պիտի չերկարաձգուի եւ գործադիրին` երկրին մէջ առողջապահական մեկուսացումի դրութիւն սահմանելու կարելիութիւն պիտի տրուի: Նախագիծը ընդունուեցաւ 70 թեր եւ 19 դէմ ձայներով:

Ունկնդրէ լուրը

Քուէարկութենէն առաջ «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտնեցին, որ իրենք դէմ պիտի քուէարկեն օրինագիծերու փաթեթին:

Ըստ կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին, վարակիչ հիւանդութիւններու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ներբեռնման, ներթափանցման, անոնց ծագման եւ տարածման վտանգի, բռնկումներու, համաճարակի յառաջացման, ինչպէս նաեւ անոնց իբրեւ հետեւանք արտակարգ իրավիճակ յառաջանալու պարագաներուն կրնայ սահմանուիլ մեկուսացումի դրութիւն: Մեկուսացումի դրութիւնը կարելի է սահմանել առողջապահութեան բնագաւառին մէջ պետական կառավարման լիազօր մարմինին առաջարկով, մարզպետի կամ Երեւանի քաղաքապետին կողմէ եւ կառավարութեան կողմէ տարբեր տարածքներու մէջ: Համաճարակի գօտի մուտքի եւ ելքի յատուկ դրութեան սահմանում, պետական սահմանով հաղորդակցութեան ժամանակաւոր դադրեցում կամ սահմանափակում, անձերու ազատ տեղաշարժի իրաւունքի կամ երթեւեկի միջոցի տեղաշարժի սահմանափակումներ, ինքնամեկուսացում-մեկուսացում:

Երբ մեկուսացումի դրութիւն սահմանուի կառավարութեան կողմէ, կարելի պիտի ըլլայ նաեւ աւելի խիստ միջոցառումներու եւ սահմանափակումներու դիմել:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2020, 09:01