Հայաստան- քորոնա-ժահր Հայաստան- քորոնա-ժահր 

Հայաստանի մէջ հաստատուեցան «Քորոնա» ժահրի վարակման 196 նոր պարագաներ

Ներկայ դրութեամբ փաստացի բուժում կը ստանան 4258 վարակակիրներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

3 Սեպտեմբերի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուեցան «Քորոնա» ժահրի վարակման ընդհանուր 44,271 պարագաներ, որոնցմէ 38,855ը ապաքինած է:

Այս մասին կը նշուի Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկողութեան եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքին վրայ:

Ներկայ դրութեամբ փաստացի բուժում կը ստանան 4258 վարակակիրներ: Վերջին 24 ժամերուն կատարուած են 1892 քննութիւններ, իսկ ընդհանուր առմամբ՝ 21,1281: Այսպիսով՝ կան »Քորոնա« հիւանդութեամբ հաստատուած 196 նոր պարագաներ  եւ 224 ապաքինածներ:

Ընդհանուր առմամբ «Քորոնա» ժահրին պատճառով արձանագրուած են մահուան 887 (աւելցած է 3ով) պարագաներ:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2020, 09:06