Կեդրոնական դրամատունը Կեդրոնական դրամատունը 

Կեդրոնական դրամատունը 2020-ին կը նախատեսէ համախառն ներքին արտադրութեան 6.2 տոկոսի անկում

Ըստ Կեդրոնական դրամատան կանխատեսման` տարեվերջին գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ անկումը պիտի ըլլայ 1.1 տոկոս, արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ` 2, շինարարութեան՝ 18.7, իսկ ծառայութիւններու ոլորտին մէջ` 6.1: Կը նախատեսուի նաեւ հարկերու կրճատում՝ 12.1 տոկոսով

Կեդրոնական դրամատունը փոխած է 2020-ի Համախառն ներքին արտադրութեան անկման սպասուող ցուցանիշը եւ նախկին 4 տոկոս անկման փոխարէն կը նախատեսէ 6.2 տոկոսի անկում։

Ըստ «Սիվիլնեթ»-ի՝ Սեպտեմբեր 15-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնեց Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարտին Գալստեան: Ան յայտնեց, որ անկման կշռոյթի բարձրացումը պայմանաւորուած է գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան, ծառայութիւններու եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներուն դիմագրաւած հարցերով:

Ըստ Կեդրոնական դրամատան կանխատեսման` տարեվերջին գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ անկումը պիտի ըլլայ 1.1 տոկոս, արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ` 2, շինարարութեան՝ 18.7, իսկ ծառայութիւններու ոլորտին մէջ` 6.1: Կը նախատեսուի նաեւ հարկերու կրճատում՝ 12.1 տոկոսով:

Մասնաւոր սպառման անկումը 2020-ին, Կեդրոնական դրամատան կանխատեսման համաձայն, պիտի ըլլայ 9.4 տոկոս, մասնաւոր ներդրումները պիտի կրճատուին 20 տոկոսով, մասնաւոր ծախսերը` 10.8 տոկոսով: Գնաճի ցուցանիշը 2020-ին պիտի ըլլայ 2.5 տոկոս:

Ստեծուած իրավիճակին մէջ, ըստ Կեդրոնական դրամատան նախագահին, կարեւոր է կառավարութեան հարկապիւտճէական քաղաքականութիւնը, իսկ դրամատունը իր կարգին պատրաստ է դրամատուներուն ապահովելու անհրաժեշտ իրացուելիութեամբ:

Այս պարունակին մէջ դրամատան նախագահը կարեւոր նկատեց դրամագլուխի ծախսերու արդիւնաւէտ իրականացումը, զոր կառավարութիւնը, պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, կը թերակատարէ (2020-ի առաջին կիսամեակին դրամագլուխի ծախսերը 60 տոկոսով թերակատարուած են): «Այս խնդիրը կը բարձրաձայնենք կառավարութեան մեր գործընկերներու քննարկումներու ժամանակ: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ մենք շատ կարեւոր կը համարենք գլխաւոր ծախսերու արդիւնաւէտ կատարումը», նշեց ան:

Ըստ Գալաստեանի՝ Կեդրոնական դրամատան կանխատեսութեամբ, 2021-ին կ՛ակնկալուի տնտեսութեան վերականգնում: «Աճի վերականգնում պիտի ունենանք, բայց առաջուան պէս նախատեսուած V-աձեւ վերականգնումը տեղի պիտի չունենայ: Ան աւելի դանդաղ պիտի ըլլայ: Ամէն պարագայի կ՛ակնկալենք շուրջ 4-5 տոկոս ՀՆԱ-ի աճ (նախորդ կանխատեսմամբ` 5.5 տոկոս), եւ ան պիտի ըլլայ բոլոր ուղղութիւններով»,- դիտել տուաւ ան՝ աւելցնելով, որ դրամատան բեմագրութեան համաձայն, Հայաստան պիտի կարենայ ապրիլ «Քորոնա» ժահրին հետ եւ անիկա մեծ տարածում պիտի չունենայ երկրին մէջ՝ պատճառ դառնալով նոր սահմանափակումներու:

Գնաճի ցուցանիշը 2021-ին, ըստ Կեդրոնական դրամատան, պիտի ըլլայ 1.7-2 տոկոս:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2020, 09:11