Վարչապետ Փաշինեան Վարչապետ Փաշինեան 

Վարչապետ Փաշինեան միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց՝ դատապարտելու Արցախի Եւ Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի յարձակումները

Հայաստանի վարչապետը յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ ոտնձգութիւններ կը կատարեն նաեւ Թուրքիոյ «Էֆ-16» ռազմական կործանիչները:
Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» կայանէն միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց՝ դատապարտելու Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի յարձակումները: Ան նշեց, որ արդէն 3 օր է Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ թիրախ դարձած են Արցախի խաղաղ բնակիչները, իսկ 29 սեպտեմբերին Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ յարձակումներուն ուղղակի միացած են նաեւ թրքական ուժերը:

«Օրեր առաջ Ազրպէյճանի ուժերը լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսած են Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծի ամբողջ երկայնքին: Մենք ատիկա կ’որակենք նախօրօք ծրագրուած յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ: Ազրպէյճանի զինուած ուժերը թիրախաւորած են Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքներն ու գիւղերը, քաղաքացիական բնակչութիւնն ու ենթակառուցուածքները: Այսօր նոյնը տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ գտնուող գիւղերու նկատմամբ: Այսօր Ազրպէյճանի զինուած ուժերը շարունակած են յարձակողական գործողութիւնները, շատ կարեւոր է նշել, որ Թուրքիոյ ռազմական սպաները տեղակայուած են Ազրպէյճան եւ ուղղակիօրէն ներգրաւուած են ռազմական գործողութիւններու մէջ, որոնց պատճառով տասնեակ մարդիկ զոհուած են, հարիւրաւորները` վիրաւորուած», նշած է վարչապետ Փաշինեան:

Հայաստանի վարչապետը յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ ոտնձգութիւններ կը կատարեն նաեւ Թուրքիոյ «Էֆ-16» ռազմական կործանիչները:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանէն հնչող մեղադրանքներուն՝ իբր թէ հայկական կողմը սկսած էր ռազմական գործողութիւններուն՝ Փաշինեան նշեց, որ կատարուած մեղադրանքը պէտք է հիմնուած ըլլայ փաստերու վրայ։

Հայաստանի վարչապետը աւելցուց, որ Արցախի ժողովուրդը ունի ազատ ինքնորոշման իրաւունք, իսկ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ստիպէ Թուրքիան՝ դուրս գալու այս հակամարտութենէն, որովհետեւ այս տագնապին մէջ անոր ներգրաւուածութիւնը աւելի կը վատթարացնէ վիճակը

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2020, 10:19