Լիբանան աղէտի վայրը Լիբանան աղէտի վայրը 

ԵՈՒՆԻՍԵՖ. Լիբանանի մէջ աւելի քան 80000 մանուկներ անտուն մնացած են պայթումներու պատճառով

Պայթումներու պատճառվ Լիբանանին մէջ վնասուած են 12 առողջապահական կառոյցներ, որոնց շարքին մանկաբուժարաններ, մայրանոցներ ու մնացած այլ հիւանդանոցները ծանրաբեռնուած են եւ սպառած են անհրաժեշտ բժշկական պարագաները։։

ՄԱԿ-ի մանուկներուն պաշտպանութեան գրասենեակի գնահատումով, Լիբանանի նաւահանգիստի մէջ տեղի ունեցող զօրեղ պայթումներուն պատճառով անտուն մնացած են աւելի քան 80,000 մանուկներ ու անոնց  ընտանիքները  օգնութեան յոյժ կարիքը ունին ։ Այս առնչութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ պայթումը պատճառած է աւելի քան 140 մեռեալ եւ 5000 վիրաւորներ ու հարիւրաւոր անձեր անյայտ վիճակի մէջ կը գտնուին։

Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿի Մանուկներու գրասենեակը խորապէս մտահոգ է է մանուկներու վիճակով, որոնք կը գտնուին ծանր «շոքի» տակ։
Վերջին 24 ժամերուն, ՄԱԿի գրասենեակը  անընդհատ կապի մէջ պայթումի վայրը գտնուող իր համագործակիցներու, Հետ,  համապատասխանելու համար պայթումէն տուժած ընտանիքներուն, կեդրոնանալով առողջապահութեան վրայ, խմելիք ջուրին վրայ , այս մասին յայտարարեց Լիբանանին մէջ ՄԱԿի մանուկներուն գրասենեակի փոխ ներկայացուցիչ Վիոլեթ Սփիք Վարներին աւելցնելով , որ պայթումի պատճառվ Լիբանանին մէջ վնասուած են 12 առողջապահական կառոյցներ, մանուկներու բուժարաններ, մնացած այլ հիւանդանոցներ ծանրաբեռնուած են եւ սպառած են անհրաժեշտ բժշկական պարագաները։։

ՄԱԿի Մանուկներու գրասենեակը պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին, գործակցելով  տեղական իշխանութիւններուն հետ եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ օգնելու համար տուժած մանուկներու ու անոնց ընտանիքներուն։

Նշենք  թէ Իտալիոյ մէջ մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակը  դրամահաւաք կազմակերպած է անմիջապէս օգնութիւն տրամադրելու համար պայթումի աղէտի զոհ ընտանիքներուն ու կարիքաւորներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2020, 11:05