Քանդուած բնակարաններ Քանդուած բնակարաններ 

ԵՈՒՆԻՍԵՖ Լիբանանի մէջ վնասուած են 120 դպրոցական կառոյցներ։

ՈՒՆԻՍԵՖ ը աշխատանք կը տանի առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան հետ Լիբանանին՝ առողջապահական պարագաներ տրամադրելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ԵՈՒՆԻՍԵՖ ի գնահատականով, Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ տեղի ունեցող պայթումի հետեւանքով, կարելիութիւնը կայ որ վնասուած բանկարաններով անձերու շարքին ըլլան աւելի քան 100 հազար մանուկներ, մինչ բազմաթիւ ընտանիքներ սահմանափակ քանակութեամբ  ջուր եւ ելեկտրականութիւն ունին։

Ունկնդրէ լուրը

ԵՈՒՆԻՍԵՖի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Լիբանանին մէջ աւելի քան  55000 մանուկներ յաճախող 120 պետական եւ անձնական  դպրոցներ վնասուած են,  որոնք  կարիքը ունին վերանորոգութեան աշխատանքներուն  նախ քան, որ դպրոցները բացուին ։

Մանուկներուն պաշտպանութեան գրասենեակը կը զգուշացնէ նաեւ որ պայթումի հետեւանքով,  Պէրութին օդը փոշիով լեցուած է եւ վախ կայ , որ ան  թունաւոր դառնայ յատկապէս մանուկներուն համար։
Կործանուած են նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ մատակարարուած  քովիտ 19էն պաշտպանուելու համար ,բարձր քանակով սարքեր, ինչպէս հարիւր հազարաւոր դիմակներ եւ այլ առարկաներ ու զգեստներ։
Այս առնչութեամբ, ՈՒՆԻՍԵՖ ը աշխատանք կը տանի առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան հետ առողջապահական սարքերը անմիջապէս փոխարինելու համար։

Վերջին երկու օրերուն, աճած է նաեւ Քորոնա Ժահրով վարակուածներու թիւը։ Ցարդ կան 70 մեռեալ եւ արձանագրուած են 5672 պարագաներ։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ որ մեծ դժուարութիւն կայ որ   անձերը կարենան յարգել հեռաւորութեան միջոցները եւ յոյժ կարիքը կայ դիմակներուն։
ԵՈՒՆԻՍԵՖ  կոչ ուղղած է անմիջապէս փոխարինելու ու ու տրամադրելու անձնական պաշտպպանութեան սարքերն ու այլ բժշկական պարագանեըր որոնց որոնց կարիք ունին հիւանդանոցները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2020, 10:59