Պէյրութի նաւահանգիստը պայթումէն ետք Պէյրութի նաւահանգիստը պայթումէն ետք 

Լիբանանին աջակցելու միջազգային համագումար

Ֆրանսան՝ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Միջազգային դրամատան հետ միասին պիտի կազմակերպէ միջազգային համագումար մը՝ քննարկելու Լիբանանին տրամադրուելիք դրամական օժանդակութիւնները
Ունկնդրէ լուրը

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Լիբանան կատարած Հինգշաբթի օրուան իր այցելութիւնը աւարտեց ֆրանսական դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսով մը: «Ֆրանսան լիբանանցի ժողովուրդին կողքին է այսօր եւ վաղը եւ երբեք պիտի չլքէ զայն», յայտարարեց ան:

Մաքրոն ըսաւ, որ իրազեկ դարձաւ պատահածին վերաբերեալ լիբանանցի իր եղբայրներուն կարծիքներուն եւ մեծ ցաւ ու զայրոյթ տեսաւ գետնի վրայ: «Այցելութեանս նպատակը լիբանանցի ազատ ժողովուրդին կողքին կանգնիլն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ լիբանանցի եւ ֆրանսացի ժողովուրդներուն միջեւ կայ եղբայրութիւն:

«Ֆրանսան իր ամբողջ ներուժը պիտի դնէ Լիբանանի տրամադրութեան տակ», ըսաւ Մաքրոն` նշելով, որ արդէն իսկ օժանդակութիւններ ուղարկուած են Լիբանան, եւ յաջորդող ժամերուն յաւելեալ օդանաւեր եւ մասնագիտացուած խումբեր պիտի հասնին Պէյրութ` անյայտ կորսուածներու որոնողական աշխատանքներուն օժանդակելու եւ պատահածին շուրջ հետաքննութիւններուն մասնակցելու համար:

 «Ֆրանսան՝ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Միջազգային դրամատան հետ միասին պիտի կազմակերպէ միջազգային համագումար մը՝ քննարկելու Լիբանանին տրամադրուելիք դրամական օժանդակութիւնները, որոնցմով լիբանանցիները պիտի հոգան իրենց սննդամթերքի, դեղորայքի եւ բնակութեան կարիքները», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:

«Օժանդակութիւնները կը սպասեն բարեկարգումներու: Նոր քաղաքական համակարգ պէտք է հաստատուի, եւ արմատական փոփոխութիւններ պէտք է կատարուին: Ես շատ անկեղծ էի լիբանանցի ղեկավարներուն հետ եւ թափանցիկ պատասխաններ կ՛ակնկալեմ զանազան հարցերու շուրջ իմ տուած հարցումներուն: 1 Սեպտեմբերին պիտի վերադառնամ Լիբանան,  եւ ես վստահ եմ, որ որակական մեծ ոստում կարելի է կատարել», եզրափակեց Ֆրանսայի նախագահը:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգները Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ 15 միլիոն տոլարի մարդասիրական նպաստ պիտի տրամադրէ Լիբանանին, իսկ Բրիտանիա 5 միլիոն փաունտի։ Սէուտական Արաբիա, Մարոք եւ այլ երկիրներ Լիբանանին սննդեղէն եւ դեղորայք կը հասցնեն։

Պէյրութի մէջ փրկարար, մաքրութեան եւ նորոգութեան աշխատանքները շարունակուեցան, իսկ Վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ արձակեց հրահանգ մը, որ կ՛արգիլէ Պէյրութի նաւահանգիստի տնօրէն Հասան Քրայթեմի, մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահերի, մաքսատան նախկին ընդհանուր տնօրէն Շաֆիք Մըրհիի եւ 13 ուրիշներու ճամբորդութիւնը: Անոնց դրամատնային հաշիւները սառեցուեցան։

Զոհերուն ընդհանուր թիւը հասած է 154ի, իսկ հայ զոհերուն թիւը՝ 13ի։

Նշենք, որ Կեդրոնական դրամատան որոշումով, այսօրուընէ սկսեալ «Ուեսթըրն Եունիըն» ընկերութիւնը դրամական փոխանցումները ամերիկեան տոլարով պիտի տրամադրէ քաղաքացիներուն՝ առանց անոնց վրայ յաւելեալ տուրք պարտադրելու:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2020, 09:00