Մահացած է իրաւապաշտպան Էպրու Թիմթիքը Մահացած է իրաւապաշտպան Էպրու Թիմթիքը 

Թուրքիա. Երկարատեւ հացադուլէն ետք իրաւապաշտպան Էպրու Թիմթիքը մահացած է:

Իրաւապաշտպանը դատապարտուած էր 13 տարի 6 ամիս ազատազրկումի: Ան հացադուլը սկսած էր ազատազրկումէն անմիջապէս ետք եւ անոր 238-րդ օրը մահացած սրտային անբաւարարութեան հետեւանքով:

Թուրքիոյ մէջ երկարատեւ հացադուլէն յետոյ մահացած է իրաւապաշտպան՝ Էպրու Թիմթիքը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber-ը։

Ըստ աղբիւրին՝ իրաւապաշտպանը կալանաւորուած էր 15-ամեայ անչափահաս Պերքին Էլվանի զոհուելու աղմկայարոյց գործը քննող դատախազ՝ Մեհմեթ Սելիմ Քիրազի սպանութենէն յետոյ եւ այնուհետեւ բանտարկուած էր 2019-ին: Անոր դէմ մեղադրանք առաջադրուած էր Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող ձախակողմեան «Յեղափոխական ազգային ազատագրական կուսակցութիւն-ճակատի» (DHKP-C) անդամ ըլլալու յատկանիշներով։

Թրքական լրատուամիջոցները կը պնդեն, որ Թիմթիքը հացադուլը սկսած էր նշեալ կառոյցի հրահանգով:

Իրաւապաշտպանը դատապարտուած էր 13 տարի 6 ամիս ազատազրկումի: Ան հացադուլը սկսած էր ազատազրկումէն անմիջապէս ետք եւ անոր 238-րդ օրը մահացած սրտային անբաւարարութեան հետեւանքով:

Յիշեցնենք, որ թրքական ձախ արմատական խմբաւորումը 2015-ի 1 ապրիլին, պատանդ վերցուցած էր 2013-ին Պոլսոյ մէջ փողոցային բողոքի հաւաքներուն 15-ամեայ անչափահաս Պերքին Էլվանի զոհուելու աղմկայարոյց գործը քննող դատախազ՝ Մեհմեթ Սելիմ Քիրազին: Խմբաւորումի անդամներուն պահանջն էր՝ բացայայտել Էլվանը սպանող ոստիկանը եւ համապատասխան պատիժ նշանակել:

Շուրջ 9 ժամ տեւողութեամբ պատանդառութեան ընթացքին, ոստիկանութեան հետ բանակցութիւնները դրական հետեւանք չէին տուած. թրքական իրաւապահ մարմինները իրականացուցած էին յատուկ գործողութիւն, որու հետեւանքով սպանուած էին ծայրայեղական խմբաւորման ներկայացուցիչները, իսկ դատախազը երեք տեղէն ստացած հրազենային վնասուածքներով տեղափոխուած էր հիւանդանոց, ուր իր կեանքը չէին կրցած փրկել:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2020, 07:31