Ըմպելի ջուրի մատակարարում Ըմպելի ջուրի մատակարարում 

Թուրքիա կ՛արգելակէ Հասաքէ քաղաքի եւ գիւղական շրջաններուն ըմպելի ջուրի մատակարարումը

Սուրիական Կարմիր մահիկը շաբաթ օր բոլոր կողմերուն կոչ ուղղած էր` ծարաւէն փրկելու համար Հասաքէ նահանգի աւելի քան մէկ միլիոն բնակիչները, որովհետեւ Թուրքիան կտրած է նահանգի ջուրի մատակարարումը:

«Մայատին» հաղորդեց, որ Հասաքէ քաղաքն ու անոր գիւղական շրջանները երէկ շարունակած են ըմպելի ջուրէ զրկուած մնալ` Թուրքիոյ Ռասուլ Այնի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Ուլուք կեդրոնէն ջուրի մղումը արգելակելուն պատճառով:

Ունկնդրէ լուրը

Թրքական կողմը արգիլած է ջուր մղելու սարքերը բանեցնել եւ վերանորոգման խմբակներու Ուլուք կեդրոն մուտք գործելը, հակառակ Ռասուլ Այնի, Թել Ապիատի եւ անոնց գիւղական շրջաններուն ելեկտրականութեամբ մատակարարման:

Սուրիական Կարմիր մահիկը շաբաթ օր բոլոր կողմերուն կոչ ուղղած էր` ծարաւէն փրկելու համար Հասաքէ նահանգի աւելի քան մէկ միլիոն բնակիչները, որովհետեւ Թուրքիան կտրած է նահանգի ջուրի մատակարարումը:

Սուրիոյ Կարմիր մահիկը նշեց, որ նահանգին մէջ մարդասիրական կացութիւնը ծանր է եւ կը հակասէ միջազգային մարդասիրական օրէնքին` աւելցնելով, որ Կարմիր մահիկի խմբակներուն կ՛արգիլուի Ուլուք կեդրոն հասնելով նորոգել կեդրոնի խանգարումները, որպէսզի քաղաքայինները ըմպելի ջուր ունենան:

Միւս կողմէ, շաբաթ, 22 օգոստոս 2020-ին, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական միջազգային դիւանագիտական ջանքերուն շնորհիւ եւ թրքական ուժերուն վրայ բանեցուած միջազգային ճնշումին հետեւանքով, 10 օր ջուրի անջատումէն ետք, Հասաքէի ջուր հասցնող Ուլուք ջրամատակարարման կայանին ելեկտրականութիւնը հասած է, սակայն ջրամուղերը ցարդ չեն աշխատիր, հետեւաբար մինչեւ հիմա ջուրը հասանելի չէ Հասաքէի բնակչութեան:

Հասաքէի մէջ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ Ուլուք կայանի 30 ջրհորներէն 9-ն միայն ելեկտրականութեամբ օժտուած են, սակայն ելելտրականութիւնը ջրամուղերուն ցարդ չէ միացուած: Ջրամուղերուն բանեցումէն 12 ժամ ետք միայն ջուրը կը հասնի Հասաքէ:

ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին համաձայն, ջրամատակարարման կայանի պաշտօնէութեան կայան մուտք գործելով եւ աշխատանքներուն հետեւելով միայն կարելի է երաշխաւորել Ուլուք ջրամատակարարման կայանին անխափան բանեցումը, որովհետեւ թրքական ուժեր քանիցս դադրեցուցած են ջուրին հոսքը եւ խաղաքարտի վերածած զայն`  վտանգի ենթարկելով Հասաքէ նահանգի մէկ միլիոն բնակչութեան կեանքը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2020, 08:00