Ս. Սոֆիայի տաճարը Ս. Սոֆիայի տաճարը 

Ս. Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելու թրքական որոշումին դէմ միջազգային ցասում, բողոք եւ դատապարտում։

Դ․ դարուն կառուցուած տաճարը քանդուած եւ ապա վերակառուցուած է Բիւզանդիոնի Justinien կայսրին կողմէ 537-ին։ Ան մզկիթի վերածուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն ետք օսմանեան բանակին կողմէ 1453-ին, այնուհտեւ, 1934-ին թանգարանի, Աթաթիւրքի որոշումով։ 86 տարի առաջ տրուած այս որոշումն է որ Թուրքիոյ Պետական Խորհուրդը ջնջեց 15 Յուլիսին եւ Էր տողան անմիջապէս ստորագրեց տաճարին մէջ առաջին Ուրբաթ օրուան աղօթքը անմիջապէս կատարելու հրամանագիրը։

Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ որպէս թանգարան ընդ - գրկուած Սուրբ Սոֆիայի հռչակաւոր տաճարը մզկիթի վերածելու թրքական իշխանութիւններուն որոշումը միջազգային վրդովմունքի եւ բողոքի ալիք մը բարձրացուց, մինչ Թուրքիոյ մէջ իսլամ հաւատացեալները ցնծութեամբ ընդունեցին որոշումը, որ յայտարարուեցաւ Էրտողանի կողմէ։

UNESCO յայտարարեց որ մեծապէս կը ցաւի Սուրբ Սոֆիայի կարգավիճակը առանց կանխօրօք քննարկումի փոխելու թրքական իշխանութիւններու որոշումին համար։ UNESCO-ի ընդհանուր տնօրէնուհին՝ Օտրի Ազուլայ յայ տա - րարեց որ Սուրբ Սոֆիան UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան մէջ ընդ գրկուած Պոլսոյ պատմական գօտիներու մէկ բաղկացուցիչն է։ Ան կը հան - դիսանայ դարերու ընթացքին Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ հանդիպումին եզակի մէկ վկայութիւնը եւ երկխօսութեան հզօր խորհրդանիշ մըն է։

Շուրջ 350 ուղղափառ եւ աւետարանական եկեղեցիներ համախմբող Եկեղեցիներու Տիեզերական Խորհուրդին ընդհանուր քարտուղարը որոշումին դէմ Խորհուրդին ցաւն ու վրդովումը արտայայտող նամակ մը յղեց նախագահ Էրտողանին։

Կիրակի, 12 Յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Հրեշ տակ Տեառն աղօթքի վերջաւորութեան, Ծովու Միջազգային Օրուան առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղած խօսքը վերջացուց անդրադառնալով Սուրբ Սոֆիայի տաճարի կարգավիճակի փոփոխութեան։ «Ծովը իմ մտածումներուս մէջ զիս կը տանի քիչ մը հեռուն, Սթամպուլ։ Կը մտածեմ Սուրբ Սոֆիայի մասին եւ շատ վիրաւորուած եմ» ըսաւ ան։ Ֆրանչիսկոս Սուրբ Սոֆիայի տաճարը այցելած էր 29 Նոյեմբեր 2014-ին եւ կանգ առած էր յատկապէս Տիրամօր մոզայիք նկարին առջեւ։

Եգիպտոսի միւֆթին յայտարարեց որ Էրտողանի Այա Սոֆիա եկեղեցին մզկիթի վերածելը իսլամական օրէնքով արտօնուած չէ։

Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ բանբերը, Վլատիմիր Լեկոյտա ցաւ յայտնեց որ «միլիոնաւոր քրիստոնեաներու մտահոգութիւնը չլսուեցաւ թրքական ար դա - րադատութեան կողմէ»։

Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին մզկիթի վերածելու թրքական իշխանութիւննե րուն որոշումը բուռն կերպով դատապարտուեցաւ ռուս երեսփոխաններու կողմէ։ Միացեալ Ռուսաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Վիաչեսլաւ Նիքոնով ռուսական խորհրդարանի ամպիոնէն «գրգռութիւն մը» նկատեց որոշումը։ Ռու - սաստանի ազատական դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավարը՝ Վլատիմիր Ժիրինովսքի իր կարգին յայտարարեց․- «Հարաւի մէջ պիտի ունենանք ըն դար - ձակ իսլամական աշխարհ մը թուրքերուն տիրապետութեան տակ։ Թուրքերը միշտ մեզ ատած են, որովհետեւ դադրեցուցինք իրենց կողմէ Եւրոպայի նուա - ճումը։ Այսօր թուրքերը մեզի կ’ընդդիմանան Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ։ Միայն կարգավիճակ փոխելու հարց չէ, այլ Մոսկուայի դէմ յարձակումի մը շղթայա - զերծումը»։ Ռուսաստան կը նկատուի ուղղափառ աշխարհի երաշխաւորը։ Յունական կառավարութիւնը՝ Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին մզկիթի վե րա ծելու թրքական որոշումը որակեց «գրգռութիւն մը քաղաքակիրթ աշխարհին դէմ»։

Յունաստանի մշակոյթի նախարարը յայտարարեց որ «Սուրբ Սոֆիան համայն մարդկութեան պատկանող յիշատակարան կոթող մըն է՝ անկախ ամէն կրօնական հաւատքէ։ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանին ցուցա - բերած ազգայնականութիւնը վեց դար ետ կը տանի իր երկիրը»։

Բացասական կարծիքներ հնչեցին նաեւ Եւրոպական Միութենէն։ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց որ այս որոշումը Թուրքիան կը հե ռա ցնէ Եւրոպայէն։

Եւ վերջապէս, Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութիւնը իր հիասթափութիւնը յայտնեց թրքական որոշումին մասին։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍՕՐ

Դ․ դարուն կառուցուած տաճարը քանդուած եւ ապա վերակառուցուած է Բիւզանդիոնի Justinien կայսրին կողմէ 537-ին։ Ան մզկիթի վերածուեցաւ Կոս - տանդնուպոլսոյ գրաւումէն ետք օսմանեան բանակին կողմէ 1453-ին, այնու - հե տեւ, 1934-ին թանգարանի, Աթաթիւրքի որոշումով։ 86 տարի առաջ տրուած այս որոշումն է որ Թուրքիոյ Պետական Խորհուրդը ջնջեց 15 Յուլիսին եւ Էր տո - ղան անմիջապէս ստորագրեց տաճարին մէջ առաջին Ուրբաթ օրուան աղօթքը անմիջապէս կատարելու հրամանագիրը։

Սթրազպուրկի Համալսարանի թրքական ուսումնասիրութեանց բաժնին տնօրէնը՝ Սամիմ Աքկէօնիւլ կը յիշեցնէ թէ «նախ քրիստոնէութեան, ապա իս լա - մութեան նուիրական այս մայր տաճարը վերածուեցաւ թանգարանի Մուս թա - ֆա Քեմալ Աթաթիւրքին կողմէ, որ այս կերպով կը փորձէր երաշխա ւո րու թիւններ տալ արեւմուտքին։ Տաճարին թանգարանի վերածումը երբեք չմարսուե ցաւ իսլամական հոսանքներուն կողմէ»։ Ասիկա շանթաժի խաղաքարտ ծառայեց Էրտողանին ձեռքը Արեւմուտքին դիմաց։

Իսկ Ուաշինկթընի Նիր Իսթ Կաճառի Թուրքիոյ մասին ուսումնասիրու - թեանց բաժնի տնօրէն Սոնէր Չակաբթայի կարծիքով, 2018-էն ի վեր Թուրքիան մատնուած է տնտեսական սուր տագնապի որ քորոնավիրիւսի համաճարակը եկաւ աւելի ծանրացնելու, մինչ Էրտողանի ժողովրդականութիւնը նահանջե լու վրայ է եւ զայն վերականգնելու համար Էրտողանի հռետորաբանութիւնը այ լեւս բաւարար չէ։ Հետեւաբար, Սուրբ Սոֆիան մզկիթի վերածելով, ան կը յու սայ վերականգնել իր կորսնցուցած ժողովրդականութիւնը ներքին ճակատին վրայ եւ արտաքին ճակատին վրայ հասկցնել որ արտաքին ճնշումներուն դիմաց տեղի տուող մարդ չէ։

Սակայն, վերոյիշեալ վերլուծաբանները համոզուած են որ այս բոլորը կրնան օգնել Էրտողանի ժողովրդականութեան վերականգնումին մասամբ միայն եւ ոչ երկար ժամանակի համար։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Քաղուած ՄԱՍԻՍ Պարբերաթերթէն (Յուլիս 2020 նոր շրջան թիւ 161)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2020, 06:57