Հայկական եւ Լիբանանեան դրօշը Հայկական եւ Լիբանանեան դրօշը 

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Լիբանանահայերուն օգնելու համար դրամահաւաք սկսած է։

«Տարիներ շարունակ Լիբանանի հայ համայնքը մեծ նուիրումով սատարած է թէ Հայրենիքին, թէ սփիւռքի համայնքներուն: Այժմ մեր գործելու ժամանակն է»

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լիբանանի հայերուն աջակցելու համար առցանց դրամահաւաք սկսած է:

«Տարիներ շարունակ Լիբանանի հայ համայնքը մեծ նուիրումով սատարած է թէ Հայրենիքին, թէ սփիւռքի համայնքներուն: Այժմ մեր գործելու ժամանակն է»,- նշած են հիմնադրամէն` յորդորելով մասնակցիլ հրատապ դրամահաւաքին:

Օգոստոսի 4-ի երեկոյեան Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգստին մէջ տեղի ունեցած  ուժեղ պայթումին հետեւանքով վնասւուած են նաեւ հայաշատ թաղամասերու տուները, վաճառատուները, կրթական, մշակութային կեդրոնները եւ եկեղեցիները։ Վերջին տուեալներով զոհեւած են 11, իսկ վիրաւորուած 25 հայեր:

Հիմնադրամի միջոցով հանգանակութիւն կրնաք կատարել հետեւեալ յղումով։

Միւս կողմէն նշենք թէ 6 օգոստոսին Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքը՝ իբրեւ աջակցութիւն բարեկամ Լիբանանի՝ ժամը 21։00-ին, լուսաւորուեցաւ այդ երկրի ազգային դրօշի գոյներով:

Լիբանանի դրօշի գոյներով լուսաւորուած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքը։

Յայտնենք  որ Երեւանն ու Պէյրութը քոյր-քաղաքներ են։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2020, 07:47