Հայկական Խաչքար Հայկական Խաչքար 

Անգարայի մէջ Հայկական գերեզմանատունը կը պղծուի

Անգարայի Սինճան շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Փրկիչ եւ Ս. Քառասուն մանուկ եկեղեցիներուն պատկանող հայկական գերեզմաննոցը աւերած են:

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Սինճան շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Փրկիչ եւ Ս. Քառասուն մանուկ եկեղեցիներուն պատկանող հայկական գերեզմաննոցը աւերած են:

Նախկին փոխվարչապետ Ալի Պապաճանի կողմէ հիմնադրուած «Ժողովրդավարութիւն եւ յառաջընթաց» կուսակցութեան փոխնախագահ Մուսթաֆա Եէներօղլու այս հարցին առիթով դիմեց Անգարայի քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշին:

Ան յայտնեց, որ գերեզմաննոցին մէջ աճիւնները դուրս հանուած են գերեզմաններէն եւ ամէնուր ցրուած են մարդկային ոսկորներ:

Եէներօղլու շեշտեց, որ ասիկա ամօթալի վիճակ է եւ պէտք է անմիջապէս աճիւնները վերաթաղել եւ կարգի բերել գերեզմաննոցը:

Անգարայի քաղաքապետը խոստացած է հարցը հետապնել:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2020, 10:52