Պշարա Ռայի պատրիարքը Պշարա Ռայի պատրիարքը  

Պշարա Ռայի պատրիարքը այցելեց Պէյրութի աղէտի գօտիի շրջանը

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հանդէպ չեն կրնար վերաբերիլ իբրեւ փոքր միջադէպ մը:
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը 26 օգոստոսին այցելեց Պէյրութի աղէտի գօտիի շրջանը` ծանօթանալով պայթումին գործած հսկայական աւերներուն:

Ռայի պատրիարքը այցելեց Ժմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցին, Ֆրերներու դպրոցը, Ուարտիէ հիւանդանոցը, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան վանքը, Մար Մխայել փողոցը, Մար Մխայելի եկեղեցին եւ Պէյրութի հրշէջներու կեդրոնը:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հանդէպ չեն կրնար վերաբերիլ իբրեւ փոքր միջադէպ մը:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի շտապի կառավարութեան` աւելցնելով, որ իրենք կը վստահին Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն, «սակայն անոնց կողմէ արձանագրուելիք անկարողութեան եւ բացթողումներուն պարագային, պիտի ուղղուինք միջազգային դատարանին», շեշտեց ան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2020, 10:11