Գերապայծառ Ասատուրեանի այցը «Շաղզոյեան» կեդրոն Գերապայծառ Ասատուրեանի այցը «Շաղզոյեան» կեդրոն 

Դեսպան Աթաբէկեան, Գերապայծառ Ասատուրեան եւ Վեր. Հայտոսթեան այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն

Հանդիպումներուն ընթացքին խորհրդակցութիւնները ծաւալեցան Լիբանանի մէջ պատահած աղէտին պատճառով լիբանանահայութեան կրած վնասներուն շուրջ։
Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 6 օգոստոս 2020-ին, յաջորդաբար «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:

Հանդիպումներուն ընթացքին խորհրդակցութիւնները ծաւալեցան Լիբանանի մէջ պատահած աղէտին պատճառով լիբանանահայութեան կրած վնասներուն շուրջ։ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հաստատեց, որ լիբանանահայութեան կրած մարդկային եւ նիւթական վնասները բաւական ծանրակշիռ են, եւ վերականգնումի ու վերաշինութեան աշխատանքը լուրջ մարտահրաւէր է բոլորին համար։ Այսուհանդերձ աշխատանքները արդէն ընթացք առած են եւ զօրաշարժը համընդհանուր է։

Այս ծիրին մէջ այցելուները գնահատեցին ցարդ տարուած աշխատանքները եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Կեդրոնական կոմիտէին՝ անդրադառնալով նաեւ լիբանանահայ գաղութի բոլոր դժուարութիւնները եւ ճգնաժամային կացութիւնները յաղթահարելու կուտակած հարուստ կենսափորձին։  Կեդրոնական կոմիտէն այս ծիրին մէջ ներկայացուց հայահոծ շրջաններու ընդհանուր իրավիճակը, քանդումներու հետքերն ու բեկորները վերացնելու եւ բնականոն կեանքի  նախնական պայմաններ ստեղծելու ընդհանուր պատկերացում մը, ինչպէս նաեւ մատնանշեց այս փուլի աշխատանքային առաջնահերթութիւնները։

Շեշտը դրուեցաւ համագաղութային միացեալ ճիգով ու հայաշխարհի ամբողջական զօրակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ աղէտի հետեւանքները դարմանելու եւ լիբանանահայութեան վերականգնումի հոլովոյթը հունաւորելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Յայտնենք, որ անցնող երկու օրերուն, Հայաստանէն, Արցախէն եւ արտերկրի զանազան գաղութներէն կրօնական, պետական, ազգային, կուսակցական, միութենական մեծ թիւով ներկայացուցիչներ եւ հայորդիներ հեռաձայնով կամ այլ միջոցներով կապի մէջ մտան Կեդրոնական կոմիտէին հետ եւ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին զօրակցելու լիբանանահայութեան օժանդակութեան կենսական գործին։

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2020, 07:43