Լիբանան Լիբանան 

ՈՒՆԻՍԵՖ-ի կոչը օգնելու համար Լիբանանի մէջ աւելի քան 100 հազար մանուկներուն։

Յառաջիկայ երեք ամիսներուն, կարիքը կայ 46,7 միլիոն ամերիկեան տոլարի, օգնելու համար Լիբանանի մէջ խնամքի կարօտ աւելի քան 100000 մանուկներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի մանուկներու արտակարգ իրավիճակի հիմնադրամիընդհանուր տնօրէն, տիար Հէնրիէթա Ֆոր, կոչ ըրած է օգնելու համար Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումէն վնասուած Լիբանանի մանուկներուն, որոնք արդեն դէմ յանդիման կը գտնուին քաղաքական, տնտեսական ու համաճարակի առողջապահական մարտահրաւէրներուն դիմաց։

Ունկնդրէ լուրը

«Պայթումի առաջին օրէն իսկ, ՈՒնիՍէֆի գործընկերները, Լիբանանի մէջ ամէն ջանք կը թափեն պատուաստանիւթ, խմելիք ջուր ու ուտեստեղէն հայթայթելու, ինչպէս նաեւ պայթումի շրջանները մաքրելու համար։»
Այս մասին յայտարարած է ՈՒՆԻՍԵՖԻ մանուկներուն արտակարգ իրավիճակի հիմնադրամի ընդհանուր տնօրէնը հրաւիրելով բարերարները իրենց զօրակցութիւն բերելու աղէտէն տուժած մանուկներուն ու ընտանիքներուն, որոնք յոյժը կարիք ունին իրենց կեանքը վերականգնելու ։

Նշենք, թէ ՄԱԿի վերոնշեալ հիմնադրամի ընդհանուր տնօրէնին կոչը Ճընեւի մէջ կարդացած է Լիբանանեան ՄԱԿԻ հիմնադրամին տնօրէնուհին Վիոլեթ Սփիք Վարներին,  աւեցնելով որ Պէյրութի աղէտէն արդենանցած են 10 օր, որ տեղի ունեցաւ Լիբանանը անշարժութեան մատնած, քաղաքական, տնտեսական եւ համաճարակի առողջապահական տագնապներուն մէջ։

Ան ապա իր զօրակցթիւնը յայտնած է նշելով որ ՈՒնԻՍԵՖԸ Լիբանանին Ժողովուրդին կողքին է, աշխատանք տանելով, առողջապահական , կրթական կառոյցները ու մանուկները պաշտպանութեան ի սպաս։

ՄԱԿ-ի մանուկներու արտակարգ իրավիճակի հիմնադրամի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ  յառաջիկայ երեք ամիսներուն, կարիքը կայ 46,7 միլիոն ամերիկեան տոլարին, օգնելու համար Լիբանանի մէջ  խնամքի կարօտ աւելի քան  100000 մանուկներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2020, 10:33