մարդասիրական օգնութիւն Հայաստանէն մարդասիրական օգնութիւն Հայաստանէն 

Հայաստանը երրորդ թռիչքով Պէյրութ ուղարկած է աւելի քան 12 թոն մարդասիրական աջակցութիւն

Երրորդ օդանաւով ուղարկուած է սնունդ, դեղորայք եւ հագուստեղէն:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը երէկ` 11 օգոստոսին մարդասիրական աջակցութեան պարագաներով լեցուն երրորդ օդանաւը ուղարկած է Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութեան: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս անգամ ուղարկուող մարդասիրական օգնութիւնը աւելի քան 12 թոն է:

Նշենք, որ Հայաստանէն առաջին թռիչքը եղած է 8 օգոստոսին, երկրորդը` 9 օգոստոսին` Արցախի ժողովուրդին անունով: Օդանաւերը Լիբանան տեղափոխած են մարդասիրական օգնութիւն, որ պարունակած է դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ` նախատեսուած 4 օգոստոսին Պեյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն տուժածներուն օգնութիւն ցոյց տալու համար:

Երրորդ օդանաւով ուղարկուած է սնունդ, դեղորայք եւ հագուստեղէն:

Քաղուած «Ազդակ» էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2020, 09:00