Ռաֆիք Հարիրի Ռաֆիք Հարիրի 

Միջազգային դատական ատեանին վճիռին համաձայն` Սելիմ Այյաշ սպաննած է Ռաֆիք Հարիրին

Լիբանանի յատուկ միջազգային դատարանը 21 սեպտեմբերին պիտի յայտարարէ Ռաֆիք Հարիրին սպաննողին պատիժը:

Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը երեքշաբթի, 18 օգոստոսին, Լա Հէյի մէջ գումարեց զոյգ նիստեր, որոնց աւարտին հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին սպաննած է Սելիմ Այյաշը:

15 տարուան հետաքննութենէ, դատավարութիւններէ եւ աշխատանքէ ետք, Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը, որուն համար Լիբանան շուրջ 1 միլիառ տոլարի գումար ներդրեց, մէկուկէս տասնամեակ ետք եկաւ նոյն տեղեկութիւնները կրկնելու եւ նոյն կասկածելիներուն եւ ամբաստանեալներուն մասին խօսելու` հաստատելով, որ շօշափելի փաստեր ընդհանրապէս չկան:

Ըստ Միջազգային դատական ատեանին, Սելիմ Ժամիլ Այյաշ յանցաւոր է, որովհետեւ ան մեղսակից է դաւադրութեան եւ մասնակից Հարիրիի միտումնաւոր սպանութեան` օգտագործելով պայթուցիկ նիւթեր եւ ուղղակի թիրախ դարձնելով Ռաֆիք Հարիրին եւ 21 քաղաքայիններ, ինչպէս նաեւ մահափորձի ենթարկելով 126 ուրիշներ:

Ատեանը ընդգծեց, որ Այյաշ ուղղակիօրէն կապ ունէր Հըզպալլայի հետ:

Միջազգային դատական ատեանին համաձայն, Հասան Մերհի, Հիւսէյն Օնայսի եւ Ասատ Հասան Սապրա իրենց ուղղուած բոլոր ամբաստանութիւններէն անմեղ են, «իսկ յանցագործ Մուսթաֆա Պատրէտտին, որ Հըզպալլայի ղեկավարութեան մաս կը կազմէ, ստանձնած էր Հարիրիի շարժումներուն հետեւելու եւ յարձակումը համադրելու պարտականութիւնը: Սակայն Միջազգային դատական ատեանը չի կրնար եզրակացնել, թէ Պատրէտտին յղացած է Ռաֆիք Հարիրին սպաննելու միտքն ու ծրագիրը», նշուեցաւ ատեանին կողմէ:

Նշենք, որ Միջազգային դատական ատեանը զոյգ նիստերուն ընթացքին ներկայացուց տուեալներ, որոնք ուղղակիօրէն կապուած էին իր աշխատանքին:

Այդ ծիրին մէջ Միջազգային դատական ատեանը հաստատեց, որ չկան յստակ փաստեր, որ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը պատասխանատու է այդ սպանութեան, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Ռաֆիք Հարիրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ լաւ յարաբերութիւններ գոյութիւն ունէին:

Դատարանը ընդգծեց, որ օրին Հըզպալլայի եւ Սուրիոյ համար Հարիրիի սպանութիւնը շահեր կրնար ապահովել, սակայն ոչ մէկ փաստ կայ, որ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը կամ Սուրիան ծրագրած են Հարիրիի ահաբեկումը:

Լիբանանի յատուկ միջազգային դատարանը 21 սեպտեմբերին պիտի յայտարարէ Ռաֆիք Հարիրին սպաննողին պատիժը:

Քաղուած «Ազդակ»էն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2020, 10:58