Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիպումը Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպանին հետ Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիպումը Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպանին հետ 

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպանը

Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական, մարդասիրական ու քաղաքական կացութիւնը եւ այդ գծով Վատիկանի մօտեցումն ու դերակատարութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

27 օգոստոս 2020-ի առաւօտուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը:

Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական, մարդասիրական ու քաղաքական կացութիւնը եւ այդ գծով Վատիկանի մօտեցումն ու դերակատարութիւնը:

Կաթողիկոսը իր մտածումները եւ սպասումները յայտնեց դեսպանին` առաջարկելով, որ դեսպանը իր կարգին զանոնք փոխանցէ Վատիկանի պատասխանատուներուն:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2020, 08:35