Որոնել

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես 

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը համաճարակը Իշխանութեան չարաշահման նպատակով օգտագործելուն դէմ արտայայտուած է։

Առողջապահական ճգնաժամի եւ մարդասիրական մարտահրաւէրներու դէմ պայքարելու համար համապարփակ մօտեցում անհրաժեշտ է
Ունկնդրէ լուրը

Համաճարակը կը յանգեցնէ հասարակական հաստատութիւններուն նկատմամբ մարդոց վստահութեան նուազման, տնտեսական անհաւասարութեան խորացման եւ իշխանութեան չարաշահման: Այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես` տեսակապի միջոցով խօսք արտասանելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին:

Անոր համաձայն, առողջապահական ճգնաժամի եւ մարդասիրական մարտահրաւէրներու դէմ պայքարելու համար համապարփակ մօտեցում անհրաժեշտ է: «Ուսումնասիրելով հորիզոնը` ես երեք հիմնական սպառնալիք կը տեսնեմ», ըսած է ան:

Կութիերես նախ եւ առաջ նկատի ունեցած է հասարակական վստահութեան քայքայումը»: «Երկրորդ հերթին ատիկա համաշխարհային տնտեսական կարգի ապակայունացումն է: Ես յատկապէս մտահոգ եմ ընկերային-տնտեսական անհաւասարութեան խորացումով», ըսած է ՄԱԿ-ի ղեկավարը:

Ան նաեւ դէմ արտայայտուած է համաճարակը իշխանութեան չարաշահման նպատակով օգտագործելուն

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2020, 08:51